Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

«Ազդակ» օրաթերթ.- Դասական կիթառի շուէտական ականաւոր «Կիթարր Օխ Լութա» ամսաթերթը իր 2016-ի առաջին թիւին մէջ հրատարակեց Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ի կիթառի համար գործիքաւորումը, զոր կատարած է լիբանանահայ կիթարահառ Մկրտիչ Միքայէլեան:
Ականաւոր ամսաթերթը այս առիթով կը ներկայացնէ նաեւ Միքայէլեանի հակիրճ կենսագրականը` նշելով, որ ան կիթառի ուսուցիչ է Համազգային Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական քոլեճին մէջ:
Ամսաթերթը նաեւ կը նշէ, որ երաժշտական կտորը կը պատկանի հայ յօրինող Բարսեղ Կանաչեանին (1885-1967):
Նշենք, որ Միքայէլեան հոկտեմբեր 2016-ին Համազգայինի Շուէտի մասնաճիւղին հրաւէրով մեկնած էր Սթոքհոլմ, ուր ունեցած էր համերգ մը: