
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, 4 Մայիս 2015-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցիչ, մտաւորական եւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի «Ականեալ ձայներ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Սիլվա Քիւրքճեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները նախ ներկայացուց Սարգիս Կիրակոսեանը` իբրեւ արձակագիր, թարգմանիչ, բանաստեղծ, խմբագիր, կրթական գործիչ` անդրադառնալով անոր գրական վաստակին ու գործունէութեան, հայագիտական շրջանակին մէջ անոր ունեցած մեծ ներդրումին, ապա իբրեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ անոր բերած գրական նպաստին` ի սպաս միութեան: Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, որ Սարգիս Կիրակոսեանի սոյն հրատարակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կու գայ անգամ մըն ալ փաստելու մեր մշակոյթի գոյատեւման ու ծաղկման յարատեւութիւնը:
Ելոյթ ունեցաւ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, որ խրոխտ ու առնական ձայնով մեկնաբանեց ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգեր: Ապա Իրմա Գապագեան-Տէտէեան իւրայատուկ ոճով ու գեղեցիկ առոգանութեամբ ներկաներուն հրամցուց Սարգիս Կիրակոսեանի «Ականեալ ձայներ» հատորէն բանաստեղծութիւններ: