
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2019-2020 կրթական տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու աշակերտներու ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Մարալ Հարպոյեան: Ան յայտնեց, որ Համազգայինը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, կը շարունակէ նաւարկել մշակոյթի ովկիանոսին մէջ, նոյնիսկ ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ` աւելցնելով, որ 2019-2020 տարեշրջանը դիւրին չէր, եւ բոլորս ապրեցանք ու տակաւին կ՛ապրինք ծանր կացութիւն, յատկապէս «Քորոնա» ժահրին պարտադրած դժուարութիւնները, երկրի տնտեսական տագնապը, 4 Օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ծագած աղէտը, երկրէն գաղթելու հոսանքը: Ան նկատել տուաւ, որ այս բոլորը «Բաղսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը դրաւ դժուարութիւններու դիմաց, սակայն պատնէշի վրայ պայքարող հայ մշակոյթի պաշտպան Համազգայինը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը` հաւատալով, որ մշակոյթը միակ միջոցն է` ապահովելու ապագայ սերունդներու հոգեմտաւոր կայունութիւնն ու հայկական դիմագիծի պահպանումը: