
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը՝ ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու։ Դասախօսներն էին Ֆրանսայէն ժամանած Անահիտ Տէր Մինասեան եւ Հուրի Վարժապետեան։
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ այս ձեռնարկը Համազգայինի 2010-2011 տարեշրջանի գործունէութեան առաջին նախաձեռնութիւնն է, որ նուիրուած է ֆրանսահայ մշակոյթին։ Կիրակոսեան ըսաւ, որ Անահիտ Տէր Մինասեան շրջանաւարտ է Սորպոնի համալսարանէն եւ կը դասաւանդէ Փարիզի Ա. համալսարանի ընկերային գիտութեան բաժանմունքին մէջ։ Կիրակոսեան աւելցուց, որ Տէր Մինասեան հեղինակն է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու, որոնք առնչուած են 19-20-րդ դարերու Հայոց պատմութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի հարցերուն։
Խօսելով Հուրի Վարժապետեանին մասին՝ Սարգիս Կիրակոսեան յայտնեց, որ ան ծագումով պէյրութահայ է. անոր յօդուածները առնչուած են հայոց լեզուին, գրականութեան, արուեստին եւ մշակոյթին։ Կիրակոսեան ըսաւ, որ Վարժապետեան զանազան հրատարակչատուներու հետ աշխատակցած է իբրեւ թարգմանիչ։
Ապա բեմ բարձրացան օրուան երկու զեկուցաբերները, որոնք միասնաբար շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին ներկայացուցին ֆրանսահայ գաղութի իրավիճակը, մշակոյթը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները։
Անահիտ Տէր Մինասեան նախ ներկայացուց տարիներու ընթացքին ֆրանսահայութեան ներկայացուցած թուային պատկերը եւ հայութեան դիմագրաւած ինքնութեան փնտռտուքի հարցերը։ Տէր Մինասեան շեշտեց, որ հայկական դպրոցները մեծ դերակատարութիւն ունին հայկական ինքնութեան պահպանման առնչութեամբ, սակայն դպրոցներու սակաւաթիւ ըլլալը պատճառ կը դառնայ, որ ինքնութեան այդ փնտռտուքը շարունակուի։ Ան խօսեցաւ հայախօսութեան դժուարութեան մասին՝ նշելով, որ շաբաթական մէկ օրով կամ երկու օրով լեզու պահպանելու հարցը կը դժուարանայ։
Տէր Մինասեան նաեւ յայտնեց, որ հայրենիքէն հեռու Ֆրանսայի մէջ հայերը ունէին իրենց հոգեկան հայրենիքը, որ միջոց մըն էր գոյատեւման։ Անահիտ Տէր Մինասեան խօսեցաւ հայրենի գրականութեան հետ կապին մասին, որ ընդհանրապէս գոյութիւն չունի, ինչ որ կþունենայ իր ժխտական անդրադարձները։
Իսկ Հուրի Վարժապետեան ըսաւ, որ լիբանանահայերը իրենց մարդուժով կրթական թէ կազմակերպական մարզերուն մէջ մեծապէս նպաստած են ֆրանսահայութեան զարգացման։ Վարժապետեան աւելցուց, որ մայրենի լեզուին ճանաչողութիւնը կարեւոր է կամրջուելու համար մշակոյթին հետ։ Ան ըսաւ, թէ երիտասարդ գրողները եւ ընդհանրապէս երիտասարդները պէտք է քաջալերել, որպէսզի ստեղծագործեն եւ իրենց միտքերը արտայայտեն։
Հուրի Վարժապետեան հաստատեց, որ Ֆրանսայի մէջ հայախօսութեան հարցը մեծ մարտահրաւէր մըն է, սակայն հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ֆրանսահայութիւնը հաւատարիմ մնաց իր դատին եւ կը շարունակէ մնալ՝ հետապնդելով հայութիւնը յուզող բազմատեսակ հարցեր եւ ի մասնաւորի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Զեկուցաբերները նաեւ խօսեցան ֆրանսահայ ֆիլմարուեստին, երգ ու երաժշտութեան, պարարուեստին, ճարտարապետութեան եւ այլ մարզերու մասին։ Ձեռնարկի աւարտին, Անահիտ Տէր Մինասեան եւ Հուրի Վարժապետեան մակագրեցին ֆրանսերէնով հայ գրողներու ու հռչակաւոր դէմքերու մասին իրենց պատրաստած գրքոյկը։