
Գեղեցիկ, տպաւորիչ ու ոգեւորիչ։
Այս բառերով կարելի է բնութագրել Համազգայինի «Նայիրի», «Նանոր» եւ «Մարալօ» պարախումբերու ելոյթը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Այիա Փարասքեւիի Ամերիկեան Գոլէճի սրահին մէջ։
Ներկայ էին յունահայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Հ.Հ. դեսպանութեան հիւպատոս Տիգրան Վարդանեան եւ դիւանագիտական անձնակազմի անդամներ Աննա Մկրտչեան եւ Արմինէ Ալեքսանեան, Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կ. կոմիտէի, Հայ Կապոյտ Խաչի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութիւններու ներկայացուցիչ անդամներ եւ վեց հարիւրէ աւելի հանդիսատեսներ։
Հայ մշակոյթը մեր ժողովուրդի պատմութեան ու գոյատեւման հիմքերէն մին կը հանդիսանայ։ Իսկ հայկական պարը, անոր կարեւոր մէկ մասնիկն է։ Սոյն գաղափարով շաղախուած ու աճած Համազգայինի պարախումբերու պատանիներն ու երիտասարդները, պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ, իրենց սիրելի պարուսոյցին` Էտկար Էկեանի, Աննա Պօղոսեանի եւ օգնականներուն, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Շրջ. վարչութեան գլխաւորութեամբ, լծուեցան իրենց նուիրական առաքելութեան։ Պարախումբերու դպրոցական, համալսարանական, աշխատաւոր կամ գործատէր անդամներու երկար ամիսներու հետեւողական, յոգնեցուցիչ ու համբերատար փորձերը ի վերջոյ հասան իրենց գեղեցիկ արդիւնքին ու նպատակին։ Առանց նուիրումի ու զոհողութեան կարելի չէ պահել մշակոյթը։
Բացման խօսքը կատարեց Անդրանիկ Շահպազեան։ Ան նախ հրաւիրեց ներկաները, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Համազգայինի ընտանիքի երկար տարիներու վաստակաւոր անդամ Միքայէլ Տիլսիզեանի մահուան յիշատակը։ Ետքը ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ պարի ելոյթի մասին յայտնելով, որ «Անիծուած Նուռը» խորագիրով պարի ելոյթի ծրագիրը մշակուած էր անցեալէն։ Քորոնա համաճարակը սակայն պատճառ դարձաւ ձեռնարկի յետաձգման։ Այսպէս ուրեմն, պարտադրական դադարէ մը ետք, Համազգայինի պարի յանձնախումբը ու «Նայիրի», «Նանոր» եւ «Մարալօ» պարախումբերու անդամները լծուեցան ելոյթի պատրաստութեան կարեւոր ու տքնաջան աշխատանքին։
Ան յատուկ զգացումներով ու քաղցր յիշատակներով լեցուած յայտնեց, թէ «Անիծուած Նուռը» պարի ելոյթը, նուիրուած է Համազգայինի 1995-2015 երկար տարիներու արուեստագէտ ու վաստակաւոր պարուսոյց` Յովիկ Խաչիկեանի յիշատակին։