
Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի պարախումբի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2015-ի կ.ե. ժամը 2-ին, 650 մշակութասէր ծնողներ ու հարազատներ հաւաքուած էին College Regina Assumpta- ի շքեղ համերգասրահէն ներս, միասնաբար վայելելու Համազգայինի «Անի» պարախումբի կրտսերներու տարեկան ելոյթը։
Բացման խօսքը կատարեց «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Անիթա Թոպի։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց 150 պատանի պարողներուն, իրենց ծնողներուն, պարախումբի յանձնախումբին, պարուսոյցի օգնականներուն, տարազներու յանձնախումբին՝ իրենց համագործակցութեան եւ նուիրումին համար եւ վերջապէս գեղարուեստական ղեկավար՝ Էվա Հայրապետեանի, իր անդուլ ու բծախնդիր աշխատանքին համար։
Մեծ էր խանդավառութիւնը թէ՛ պարողներուն եւ թէ հանդիսատեսին մօտ։ Բոլոր ներկաները անխտիր, բուռն ծափահարութիւններով մասնակցեցան մեր գաւառական պարեղանակներուն՝ Սասնայ Եարխուշտայէն մինչեւ Վասպուրականի պարը։ Հայաշունչ, հարազատ մթնոլորտը պատած էր լրիւ սրահը։
Ձեռնարկի աւարտին, հանդէս եկաւ Տէր Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան, որ իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց Համազգայինի գործունէութեան կարեւոր դերը հայ մշակոյթի պահպանման գծով։ Սրբազան Հայրը դառնալով փոքրիկներուն ըսաւ.- «Դուք ձեր պարո՛վ պիտի յաղթէք թշնամիին»։
Սրահէն դուրս, տեղի ունեցաւ ծնողներու կողմէ սիրայօժար կերպով պատրաստուած խմորեղէններու վաճառք, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի «Անի» պարախումբը նոր տարազներով օժտելու նպատակին։
Հայ ժողովուրդի վերածնունդի գերագոյն օրինակներէն մին ապրեցաւ Մոնրէալի գաղութը, այս ելոյթին ընդմէջէն։