
Աւստրալահայ համայնքի ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովը իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց Ճեմարանի խնամակալութեան 2010-2012 թուականներու ներկայացուցած ծրագրին: Այս ծրագրին նպատակն է ստեղծել կարելի լաւագոյն մթնոլորտը հայ աշակերտներու ֆիզիքական, մտային, ընկերային եւ հոգեկան կազմաւորման համար:
Խնամակալութեան ծրագիրն էր Համազգայինի Գօլստըն Ճեմարանը դարձնել համայնքի ուշադրութեան կիզակէտը, հետեւաբար խորհրդաժողովին կողմէ վաւերացումը այս ծրագրին, կարելի է ըսել թէ ճանաչումն է մեր նպատակներուն,- յայտարարեց խնամակալութեան ատենապետ Արա Վարդուկեանը:
Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական հետեւեալ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները.
-Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
-Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւն
-ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութիւն
-ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութիւն
-Հայ Դատի Յանձնախումբ
-ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւն
Յիշեալ կազմակերպութիւնները կը ներկայացնէին 34 մասնաճիւղեր, որոնք կը գործեն Աւստրալիոյ տարածքին: Խորհրդաժողովին ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանը:
Խնամակալութիւնն ու Ճեմարանի տնօրէն Քայլար Միքայէլեանը մանրամասնութեամբ ներկայացուցին այս ծրագիրը, որ կ°ընդգրկէր յաջորդ երեք տարիներու պատկերացումը, դասաւանդման, ուսուցման պահանջներու ու աղբիւրներու ապահովման բոլոր մանրամասնութիւններով:
Խորհրդաժողովի նախագահ Գրիգոր Սողոմոնեան յայտնեց, թէ ժողովականները լսեցին ներկայացուած ծրագիրը եւ փոխանցեցին օգտակար ու շինիչ կարծիքներ:
Խորհրդաժողովին մեծամասնութեան աջակցութիւնը Ճեմարանին, փաստեց համայնքի երկարատեւ յանձնառութիւնը այս հաստատութեան հանդէպ:
Խնամակալութիւնը ներկայացուց նաեւ Ճեմարանի նիւթական իրավիճակը եւ յաջորդող երեք տարիներու պիւտճէն, ինչպէս նաեւ 2010-ին աշակերտութեան թիւի բարելաւման համար նախատեսուած քարոզչական աշխատանքը, որոնց համաձայն գտնուեցաւ խորհրդաժողովը:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան յայտնեց, թէ Ճեմարանը ունենալով այս խորհրդաժողովի աջակցութիւնը, կը նշանակէ թէ ունի աւստրալահայութեան աջակցութիւնը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս երեւոյթին, ինչպէս նաեւ Ճեմարանի գաղութի ապա•այ ղեկավարներու կազմաւորման դերին բոլոր քոյր կազմակերպութիւններուն բերած մասնակցութեան նկատմամբ:
Խորհրդաժողովը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց յիշատակը Ճեմարանի բարերար Արշակ Գօլստընին, ինչպէս նաեւ արժեւորեց Ճեմարանի բոլոր բարերարներու, անցեալի ու ներկայի խնամակալներու եւ Ճեմարանի պաշտօնեաներու նուիրական աշխատանքը:
Այս ծրագիրը պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի Ճեմարանի ծնողներուն ու համայնքին Չորեքշաբթի, 24 Փետրուարին:
Սիտնի, 20 Փետրուար, 2010