
Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերութեամբ Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի 30 Յունուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 9-ին, Շարժայի Բիէր Քէօսէեան համալիրի սրահէն ներս հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ աննախընթաց ժողովրդային եւ աշուղական ընթրիք-երեկոյ: Մարդկային ապրումներ արտայայտող աշուղական երեկոյին հրաւիրուած էին այրենիքէն աշուղ Մխիթար Քէթցեան, իսկ Լիբանանէն Գարմէն Աճեմեան:
Օրուան հանդիսավարն էր ընկերուհի Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան: Մասնաճիւղի վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ան կատարեց իր բացման խօսքը յայտնելով, թէ աշուղական երգարուեստը երաժշտական մշակոյթի պատմութեան մէջ եղած է զօրաւոր մարզերէն մէկը, որ հիմնուած է ժողովուրդի աւանդութիւններուն վրայ, ապա ներկայացուց օրուան հիւրերը եւ բեմ հրաւիրեց ժողովրդային եւ աշուղական երգերու մեկնաբան Աշուղ Մխիթար Քէթցեանը եւ Գարմէն Աճեմեանը:
Երգի ընդմիջումներուն, Աշուղ Մխիթար մէջբերումներ կատարեց` ներկայացնելով դրուագներ աշուղական երաժշտական եւ գրական մշակոյթի հիմը դնող անզուգական տիտաններուն մասին:
Երկու ժամ տեւողութեամբ Աշուղ Մխիթար եւ Գարմէն ներկաներուն հրամցուցին աշուղական բարձրարժէք եւ իւրօրինակ արուեստով երգերու շարք մը, որոնց կատարումները երեկոյին տուին արտասովոր ջերմութիւն՝ արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւներուն:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Սիլվի Սեկեան «Կապոյտ Թռչուն» երգին ընկերակցութեամբ մենապարով մը, իսկ խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին բացառիկ կատարողութեամբ «Սարդարապատ» պարը:
Երեկոյին մատուցուեցաւ համեղ ընթրիք, իսկ խանդավառ մթնոլորտէն ոգեւորուած՝ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Խումբ մը ընկերուհիներու պատրաստած գեղեցիկ ձեռագործ էջացոյցերը, որոնք ներկաներուն վաճառուեցան իբրեւ վիճակահանութիւն, օրուան բախտաւորը շահեցաւ Արապիա Օդանաւային ընկերութեան տրամադրած Շարժա-Երեւան-Շարժա տոմսը:
Ձեռնարկի աւարտին ընկհ. Սեդան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակը նուիրելով, ջանք չխնայեցին երեկոյի կազմակերպութեան եւ յաջողութեամբ աւարտելու աշխատանքին:
Ձեռնարկին նպատակն է պատուել մեր ազգային եւ մշակութային կեանքին մէջ մեծ դեր ունեցած աշուղական երաժշտութիւնը: