
Չորեքշաբթի, 23 Յունի 2021-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Համազգայինի արեւելեան շրջանի նորընտիր Շրջ. Վարչութեան պատուիրակութեան մը այցելութիւնը։ Անոր մաս կը կազմէին Արեւիկ Գաբրիէլեան՝ ատենապետ, Հուրի Սամուէլեան՝ գանձապահ, Վարդիվառ Քէշիշեան եւ Մարուշ Նայկոն՝ խորհրդականներ։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նորընտիր վարչականները եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագայ աշխատանքներուն մէջ։ Համազգայինի գործունէութիւնը եւ Առաջնորդարանի հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննուեցան հանդիպումին ընթացքին, որուն ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ, եւ Բարշ. Տ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն։