
Ժողովուրդի մը կեանքին մէջ անպայման առասպելներ կը ծնին, որոնք կ՛անմահանան իրենց նուիրեալ աշխատանքով եւ արուեստով: Այս առումով սփիւռքահայ մշակութային գանձարանը հարուստ է ազգային արժէքներով եւ վաստակաւոր արուեստագէտներով: Այս բնորոշումը լաւագոյնս կը համընկնի յաւերժի ճամբորդ, առասպել, էսդրատային երգերու հիմնադիր Ատիս Հարմանտեանին, որուն աւելի քան յիսուն տարիներու վաստակը լուսարձակի տակ առնուեցաւ եւ արժանի յարգանք մատուցուեցաւ Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2019-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ: Սոյն գնահատանքի ձեռնարկը կազմակերպած էր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի օրհնութիւնը կը վայելէր:
Յուշ երեկոն ընթացք առաւ նուագախումբի բացումով: Ապա Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվա Սողոմոնեան: Ան յայտնեց, որ 1 Սեպտեմբեր 2019-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ, մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ սփիւռքահայ հանրածանօթ էսդրատային երգիչ Ատիս Հարմանտեան: Ան 1960-ական թուականներուն առաջին անգամ բեմ բարձրացաւ հայերէնով եւ նոր երգացանկով, այնպիսի ժամանակի մը ընթացքին, երբ թրքական կշռոյթով էր հայ երգը եւ արեւմտեան աշխարհի ռոք երաժշտութիւնը մեծ տիրապետութիւն ունէր: Ան նշեց, որ աւելի քան յիսուն տարիներ, Ատիս Հարմանտեան հայ էսդրատային երգի տարածման դեսպանը դարձաւ: Սիլվա Սողոմոնեան թուեց հայագաղութներուն մէջ Ատիսի ունեցած բազմաթիւ ելոյթներն ու բանաստեղծ Յասմիկ Մանասէրեանի, ինչպէս նաեւ վերջերս մահացած Ժաք Գոճեանի հետ գործակցութիւնը: Ան լուսարձակի տակ առաւ «Ատիս երգի ճամբով» հատորը, որ շատ հաղորդական է ու լեցուն յուշերով: