
«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը` ընդառաջելով Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ բնակութիւն հաստատած համազգայնականներու դիմումին, Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2011-ին, Շարժա Էմիրութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրի «Փիեռ Քէօսէեան» սրահին մէջ հիմը դրաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մասնաճիւղին:
Հիմնադիր ժողովին նախագահեց ու մասնաճիւղը հիմնեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մարտիկ Տէմիրճեան: Ան մէկ տարուան համար նշանակեց մասնաճիւղի առաջին վարչութիւնը, յանձինս Սեդա Պալիօզեանի, Սիւզի Քարաճեանի, Նշան Պասմաճեանի, Խաչիկ Սէպէեանի եւ Սիմոն Մանուկեանի:
Վարչութեան Դիւանը ունեցաւ հետեւեալ պատկերը`
Նշան Պասմաճեան՝ ատենապետ
Սեդա Պալիօզեան՝ Քարտուղար
Սիմոն Մանուկեան՝ Գանձապահ
Սիւզի Քարաճեան՝ Խորհրդական
Խաչիկ Սէպէեան՝ Խորհրդական
Հիմնադիր Ժողովէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն, որուն ներկայ էին` Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Վահագն Մելիքեան, Հայստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան առաջին քարտուղար` Մհեր Մկրտումեան, Հ.Օ.Մ.-ի Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, Քույէթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմական Ժողովի անդամներ, Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ, գաղութիս հոգեւոր հովիւ` Արժ. տէր Արամ քհնյ. Տէյիրմէնճեան:
Բացման խօսքը արտասանեց Նշան Պասմաճեան, որ ողջունելէ ետք Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչն ու ներկայ հանդիսատեսները, հակիրճ բացատրութիւն տուաւ Համազգայինի նպատակներուն եւ առաքելութեան մասին: Ան ըսաւ, որ Համազգայինով պիտի փորձուի մշակութային եւ կրթական համակարգ ստեղծել այս զարգացող գաղութին մէջ, մեր երիտասարդութեան համար եւ անոր գործօն մասնակցութեամբ: Պասմաճեան շեշտեց, թէ Համազգայինի այս մասնաճիւղը անկեղծ համագործակցութիւն պիտի ցուցաբերէ գոյութիւն ունեցող հայկական բոլոր միութիւններուն ուկազմակերպութիւններուն հետ. Պիտի ըլլայ ազգային իշխանութիւններուն կողքին՝զանոնք զօրացնելու եւ անոնցմով զօրանալու նպատակով. Կարելիութեան սահմաններուն մէջ գոհացում պիտի տայ ժողովուրդի կրթական եւ մշակութային կարիքներուն՝ իր աւիշը ստանալով միշտ՝ ժողովուրդէն: Ան կոչ ուղղեց ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն չզլանալ քննադատելու նորակազմ այս միութեան ղեկավարութեան սխալները, միւս կողմէ խնդրեց ժլատ չըլլալ քաջալերելու ճիշդը, լաւն ու օգտակարը, միշտ ի մտի ունենալով որ գնահատելու կամ քննադատելու իրաւունքը ձեռք կը բերուի մշակութային ու կրթական կեանքին մասնակցութեամբ միայն:
Բացման խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարտիկ Տէմիրճեան, որ ողջունեց նախաձեռնող յանձնախումբը, որ յաջողութեամբ կրցած է աւելի քան 20 հայ անհատներ քով քովի բերել ու Համազգայինի մասնաճիւղ հիմնել:
«Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը միմիայն կը գնահատէ այսպիսի նախաձեռնութիւններ ու նեցուկ կը կանգնի մասնաճիւղի ծրագիրներուն:
«Տարբեր երկիրներու մէջ իր մասնաճիւղերը ունեցող այս մեծ ընտանիքը այսօր այս մասնաճիւղի հիմնումով կ’ընդարձակուի դէպի նոր երկիրներ ու շրջաններ:
«Համազգայինը ըլլալով կրթական եւ մշակութային միութիւն, իր յանձնախումբերով ու ծրագիրներով եկած է բաց մը գոցելու, աճող սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ իր ներդրումը բերելու, մշակութային ու մտաւորական երիտասարդութիւնը իրար քով ու մէկ հովանոցի տակ համախմբելու:
«Համազգայինի տեղւոյն վարչութիւնները համագործակցելով հայկական միութիւններու եւ եկեղեցական յարանուանութիւններուն հետ իրենց հիմնադրութեան օրերէն սկսեալ կը ծառայեն հայ ժողովուրդին», ըսաւ ան։
Իր խօսքի աւարտին Մ. Տէմիրճեան յայտարարեց, որ վարչութիւնը իր փափաքին համաձայն, այսուհետեւ հայ մեծ ուսուցիչ, մտաւորական ու մանկավարժ` Մուշեղ Իշխանի անունը պիտի կրէ: Ան յաջողութիւն մաղթեց նոր հիմնուած մասնաճիւղի բոլոր ծրագիրներուն: Ան կոչ ուղղեց մշակութասէր եւ մտաւորական հայ անհատներուն, որ անդամագրուին այս մասնաճիւղին՝ միասնաբար լուծում գտնելով զիրենք յուզող խնդիրներուն ու մտահոգութեանց:
Մ. Տէմիրճեանի խօսքէն ետք, գնահատանքի եւ շնորհաւորական խօսք փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Վահագն Մելիքեան: Ան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց Ա.Մ.Է.-ի մէջ նոր հիմնուած միութիւնը ու յաջողութիւն եւ վերելք մաղթեց անոր: Ան իր ու դեսպանութեան անձնակազմի պատրաստակամութիւնը յայտնեց համագործակցելու՝ ի շահ համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիներու լուծման: Աւելին` դեսպանը յայտնեց, որ դեսպանութեան տարածքը տրամադրելի է Համազգայինի կազմակերպած ձեռնարկներուն համար: Ան կոչ ուղղեց վեր բարձրանալ անձնական նեղ շահերէն ու ծառայել համահայկական խնդիրներու լուծման:
Դեսպանի խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ Վարչութեան Ատենապետ Նշան Պասմաճեան ու հերթաբար ընթերցեց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Կաթողիկոսական փոխանորդ` Գերշ. Տէր Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան շնորհաւորանքի եւ ողջոյնի խօսքերը: Շնորհաւորական եւ սրտի խօսք փոխանցեց նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մասնաճիւղի ատենապետուհի` Սալբի Աբէլեան: Յաջողութիւն մաղթեց նաեւ գաղութիս հոգեւոր հովիւ` արժ. տէր Արամ քհնյ. Տէյիրմէնճեան: