
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Երկուշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ ամրոցին աղջիկները» գիրքին շնորհահանդէսը՝ ներկայութեամբ նախարարներու, երեսփոխաններու, միութենական ներկայացուցիչներու եւ գրասէր ազգայիններու հոծ բազմութեան։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց «Աւազէ ամրոցին աղջիկները» («Տը սենտքեսըլ կըրլզ») խորագրեալ գիրքին գլխաւոր գիծերը: «Հեղինակը` Քրիս Պոհճալեան, կը շրջագայի Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու բոլոր շրջանները, ներկայացնելու համար իր գիրքը, որ անցնող հինգ ամիսներուն արդէն իսկ արձանագրած է 275 հազար տպաքանակ», շարունակեց Հաւաթեան` աւելցնելով, որ Յուլիս 2012-ին լոյս տեսած այս գիրքը արգասիքն է հեղինակի խոր ու լուրջ պրպտումներուն եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիր, «Ազդակ»-ի նախկին խմբագիրներէն Խաչիկ Մուրատեանի քաջալերական նպաստին: Հաւաթեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան, յատկապէս` Արամ Ա. կաթողիկոսին, օրուան բանախօսներուն եւ գեղարուեստական բաժինի մասնակից արուեստագէտներուն:
Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի Արուեստներու եւ գիտութեանց բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Արտա Էքմեքճի, որ անգլերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար եւ վեր առաւ Քրիս Պոհճալեանի գրական վաստակը` նշելով, որ անոր վէպերը թարգմանուած են աւելի քան 25 լեզուներու, իսկ վէպերէն երեքը` ժապաւէնի վերածուած: Դոկտ. Էքմեքճի յայտնեց, որ Պոհճալեանի «Աւազէ ամրոցին աղջիկները» խորագրեալ գիրքը ոչ հայերու համար երեւակայական (ֆիքշըն) վէպ կը թուի, «բայց հայերուս համար անոր մէջ նշուած իւրաքանչիւր դէմք ու դէպք սերտօրէն կ՛առնչուի ու կը խորհրդանշէ Հայոց ցեղասպանութեան դէպքերը:
«Յետ Ցեղասպանութեան առաջին սերունդը լուռ մնաց ու իրեն հետ գերեզման տարաւ Եղեռնի իր յիշատակները», շարունակեց դոկտ. Էքմեքճի եւ աւելցուց, «վերապրողներու երկրորդ սերունդը նոյնպէս լուռ էր եւ նոր սերունդն էր, որ կը պրպտէր իր արմատներու ճակատագիրը: Երրորդ սերունդը կը ջանար այդ յուշերու սարսափը պատմող փաստեր գտնել: Չորրորդ սերունդը յուշագրութեանց եւ արխիւներու ընդմէջէն պատմական իրողութիւններ կը բացայայտէր: Այսպէս, «Աւազէ ամրոցին աղջիկները» նկարահանուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, մինչ «Մուսա տաղի 40 օրը» արգիլուեցաւ սփռուելէ»:
Ապա խօսք առաւ լիբանանցի ակադեմական եւ ծանօթ գրագէտ Միշել Մաայքի, որ խիստ բարձր գնահատեց Պոհճալեանի այս գործը: Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Մաայքի յայտնեց, որ անիկա Ցեղասպանութիւն ապրած հայութեան հաւաքական խիղճն է: «Այս վէպի տողերուն ընդմէջէն կ՛արտացոլան սուլթան Ապտուլ Համիտով սկսած եւ իր յաջորդներուն օրով շարունակուած Ցեղասպանութեան հետքերը», յայտնեց Մաայքի` աւելցնելով, որ «հայութիւնն ու Հայաստանը իր համաթուրանական կայսրութեան դէմ արգելք նկատած Թուրքիա փորձեց վերացնել ու բնաջնջել հայ ժողովուրդը»: Նոյն Թուրքիան, 1916-ին Պէյրութի մէջ եւս փորձեց խափանել ազատատենչ ձայները:
Մաայքի նաեւ նշեց, որ Ցեղասպանութեան սարսափադող երկունքէն գրական ու արուեստի գլուխ գործոցներ ծնունդ առած են` յետադարձ հակիրճ բաղդատական ակնարկ մը նետելով Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմէն «ծնած» Հեմինկուէյի «Որո՞ւն համար կը ղօղանջեն զանգերը» եւ Փիքասոյի «Ճերեմանա» գործերուն վրայ:Այս վերջինիս մասին երբ Գերմանիոյ դեսպանը հարց կու տայ Փիքասոյին, թէ ի՞նք գծած է այս արուեստի գործը, Փիքասօ կը պատասխանէ. «Ո՛չ, դուք կերտեցիք զայն»: Մաայքի այս առիթով անդրադարձաւ նաեւ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ողբալի մահուան:
Ապա անգլերէնով խօսք առաւ գիրքին հեղինակը` Քրիս Պոհճալեան, որ հայերէնով «շնորհակալութիւն» յայտնեց իրեն ընձեռուած այս յատուկ առիթին համար: Խօսելով իր ընտանեկան հայ եւ ոչ հայ արմատներուն մասին` Պոհճալեան վերյիշեց իր մանկութեան օրերը, թէ ինչպէ՛ս իր շուէտացի մայրը ամէն շաբաթ օր զինք կը տանէր իր մահացած հօր ծնողքին` Պոհճալեաններու տունը, ինչ որ խոր տպաւորութիւն թողած էր իր մէջ: Պոհճալեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկին նախաձեռնողներուն եւ զայն կազմակերպողներուն ու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Ան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Խաչիկ Մուրատեանին, որ մեծապէս նպաստած էր այս գիրքի հրատարակման աշխատանքին:
Ան թուեց այս գծով իր այցելած վայրերը, ինչպէս` Այնճար, Մարիա Ճէյքըպսընի որբանոցը, ուր ջարդերէն ճողոպրած 3600 որբեր կը խնամուէին, ապա` Երեւան եւայլն:
Աւարտին խօսք առաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ հանգամանաւոր կերպով շեշտեց գիրքին մէջ նշուող սէրն ու պատգամը: «Քրիս Պոհճալեան այս գիրքը գրելով ոչ թէ պատմեց, այլ ապրեցա՛ւ անոր դէպքերը», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
«Դէպի իր հարազատ արմատները թափանցող պրպտում է այս գիրքը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Անիկա երեւակայութենէ անդին հարազատ փաստարկումն է Հայոց ցեղասպանութեան, որ հետեւողական կերպով ծրագրուած ու գործադրուած էր օրուան թրքական կառավարութեան կողմէ բոլոր անոնք, որոնք գործադրեցին ու մաս կազմեցին Ցեղասպանութեան կիրարկման, հաշուետու են տակաւին», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս` նշելով, որ Անթիլիասի մայրավանքը, որ ատենին որբեր պատսպարած է, այսօր Ցեղասպանութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշ կեդրոն է:
Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց Քրիս Պոհճալեանը:
Այս առիթով Ճենտերեճեան եղբայրներ ջութակի վրայ ելոյթ ունեցան օրուան յատուկ եղանակներով: Ապա Պոհճալեան մակագրեց իր գիրքը: