
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Մուշեղ Իշխան» գրական յանձնախումբին, Շաբաթ, 2 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, շուրջ 100 հայորդիներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Արամ Մանուկեանի մահուան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը: Օրուան հանդիսավար, Համազգայինի Գրական Յանձնախումբի անդամ Նանոր Նալպանտեան ձեռնարկը բաց յայտարարելով ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը:
Բացման խօսք արտասանեց յանձնախումբի անդամ Անի Դաւիթեան-Ուրիշիկեան:
Ան ներկաները ողջունելէ ետք ըսաւ. «20-րդ դարը հայ ժողովուրդին տուած է հայոց ազատամարտի այնպիսի նուիրեալներ, որոնք մեր ժողովուրդի գոյամարտի օրհասական պահերուն ցուցաբերած են ազգային, քաղաքական ու պետական գործիչներուն բնորոշ աներեւակայելի կազմակերպչական տաղանդ, նախաձեռնողականութիւն, երկաթեայ կամք ու վճռականութեան բացառիկ հետեւողականութիւն եւ շրջահայեացութիւն: Նման ազգային ու պետական մտածողութեան տէր գործիչներուն գլխաւորն էր Արամ Մանուկեան»: Ապա անդրադառնալով ձեռնարկի նպատակին յայտնեց. Արամ Մանուկեանը յաւերժացնելու գաղափարէն մեկնելով, եկէք վայելենք Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբին կազմակերպած ձեռնարկը եւ մեր մտքերուն մէջ վերաթարմացնելով Արամին պատկերը, միշտ վառ պահենք անոր յիշատակը մեր եւ յառաջիկայ սերունդներու յիշողութեան մէջ»:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Արամ Մանուկեանի կեանքին նուիրուած տեսերիզ մը, որուն ընթերցանութեամբ ընկերակցեցաւ Գրական Յանձնախումբի ատենապետ Քրիստ Գարամանեան:
Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, յանձնախումբի անդամներ՝ Սարին Հայրապետեան եւ Անի Գրատեան ընթերցեցին Արամ Մանուկեանի մասին հանրածանօթ դէմքերու վկայութիւններ: