
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հովանաւորութեամբ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2018-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան նամականի» գիրքին շնորհահանդէսը: Այս առիթով ներկայացուեցաւ նաեւ Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրած «Արամ»-ը հատորին նոր վերահրատարակութիւնը, խմբագրութեամբ` Կարօ Յովհաննէսեանի:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժաք Յակոբեան: Ան ըսաւ, որ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գիր եւ գրականութիւն նորաստեղծ մասնաճիւղը իբրեւ առաջին ծրագիր յարմար նկատած է կազմակերպել պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած եւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին հրապարակած «Արամ Մանուկեան նամականի» ստուարածաւալ հատորին շնորհահանդէսը: Ան ըսաւ. «Մեր պատմութեան երախտաւորները սովոր ենք ներկայացնել անոնց բարոյական նկարագիրին ընդմէջէն` նշելով անոնց անբասիր վարք ու բարքը, մաքրակենցաղ կեանքը, մարդկայնական բարձր յատկանիշները, սակայն երբեք չենք խորանար այն բանին մէջ, թէ անոնք ի՛նչ ունին տալիք այսօր նոր սերունդներուն, քաղաքական ղեկավարութեան թէ պետութեան ղեկին վրայ գտնուող անձնաւորութիւններուն: Արամ Մանուկեանը եւ իր ժամանակակիցները այն մարդիկն էին, որոնք հայ իրականութեան մէջ յառաջացուցին ազգային-յեղափոխական ուղեգիծը, ազգային-յեղափոխական ուղին, որ, յեղափոխական ամէնօրեայ պայքարի կուտակումներէն եւ փորձառութիւններէն անցնելով, յանգեցուց գրեթէ ոչինչէ հայկական անկախ հանրապետութեան ստեղծման»: