
17 Յունուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 9-ին, գրականասէր բազմութիւն մը ներկայ էր Պոլսահայ Մշակութային Միութեան Կեդրոնէն ներս, ուր տեղի ունեցաւ Պոլիսէն յատկապէս հրաւիրուած՝ Խմբագիր, թարգմանիչ, ուսուցիչ եւ հրապարակիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի «Արաս Հրատարակչութիւնն ու Պոլսահայ Գրականութիւնը» լսարանի ներկայացումը։
Սոյն լսարանը կազմապերպուած էր Պոլսահայ Միութեան «Մէկ Մշակութային Յանձնախումբ»ին եւ Համազգայինի Գրական Յանձնախումբին կողմէ: Օրուան հիւրը ներկայացուց Համազգայինին կողմէ Ռաֆֆի Աճէմեանը։ Ան դասախօսին կենսագրական կէտերը փոխանցելէ ետք, ամփոփ կերպով անդրադարձաւ նաեւ օրուան թեմային շուրջ։
Սեւան Տէյիրմենճեան առաջին հերթին ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ հայկական տպագրութեան պատմականը, մինչեւ «Արաս» հրատարակչութեան հիմնադրութիւնը 90-ական թուականներուն։ Ապա ներկաներուն փոխանցեց կարգ մը տուեալներ, Թուրքիոյ մէջ գիրքերու տարբեր դասերու վիճակագրութեան եւ թուրքիոյ հասարակութեան գիրք կարդալու հետաքրքրութեան մասին։ Յատկապէս կեդրոնացաւ Թուրքիոյ մէջ կարգ մը հայ գրողներու մասին, ինչպէս՝ Տիգրանակերտէն Մկրտիչ Մարկոսեան, կամ Յակոբ Մնձուրի, Զաւէն Պիպեռեան, Զապել Եսայեան եւայլն։ Հետաքրքրական էր իմանալ, թէ Թուրքիոյ հասարակութիւնը յատուկ սէր եւ համակրանք կը ցուցաբերէ սոյն գրողներուն հանդէպ, որոնց գործերէն մինչեւ 90-ական թուականները, «զրկուած» եղած են։ Հրատարակչատունը այս պարագային, իր պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով, սոյն հեղինակներէն շատ մը գործեր թրքերէնի թարգմանած է, եւ յաճախ ստիպուած կրկնապատկել տպաքանակը։ Նոյնն է պարագան նաեւ մանկական հրատարակութիւններուն առնչութեամբ։
Աւարտին, ներկաները ուղղեցին իրենց հարցումները եւ տեղի ունեցաւ «Արաս» հրատարակչատունէն գիրքերու վաճառք եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
Առ ի տեղեկութիւն կը փոխանցենք հրատարակչութեան կայքէջը՝
https://www.arasyayincilik.com
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն