
Հինգշաբթի, 30 հոկտեմբերին Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի մէջ ցուցադրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանի «Արարատ. հայոց անմահութեան խորհուրդը» պատմավաւերագրական ժապաւէնը:
Լսարանական միութեան կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկին ներկայ եղան Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը:
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն առաջ խօսք առին ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, ինչպէս նաեւ ժապաւէնին հեղինակը, որոնք բացատրութիւններ տուին ժապաւէնին եւ անոր պատրաստութեան մասին: Նշուեցաւ, որ ժապաւէնը խորքին մէջ խտացեալ հայոց պատմութիւն է:
Ժապաւէնի ներկայացման ընթացքին, յատկապէս վերջին բաժինի ցուցադրութեան զուգահեռ, երբ խումբը կը հասնէր Արարատի գագաթին, Եռագոյնը կը պարզուէր եւ «Մեր հայրենիք»ը կը հնչէր, մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ աշակերտներուն մօտ, որոնք իրենց ոգեւորութիւնը, յուզումն ու ուրախութիւնը արտայայտեցին բուռն ծափահարութիւններով: Իսկ ժապաւէնի աւարտին, երբ հնչեց Ռ. Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր հայրենի» երգը, աշակերտները ընկերացան, եւ շատ յուզիչ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ սրահին մէջ:
Աւարտին, Ճեմարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Աշոտ Մելքոնեանին, ոչ միայն նման ժապաւէն մը պատրաստած ըլլալուն համար, այլեւ իբրեւ հայ Արարատ լեռը բարձրանալու իր կորովին ու վճռականութեան համար: