
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Համազգայինի 39-րդ Շրջանային Ժողովը տեղի ունեցաւ Փրովիտէնսի Հայ Կեդրոնին մէջ, Շաբաթ 6 Յունիս 2015-ին, մասնակցութեամբ ութ մասնաճիւղերու (Տիթրոյթ, Շիքակօ, Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Պոսթըն, Ֆիլատելֆիա եւ հիւրընկալ Փրովիտենս) ներկայացուցիչներուն եւ հիւրաբար հրաւիրուած ներկաներու:
Բացման առթիւ, մէկ վայրկեան յոտընկայս ի յարգանք յիշուեցան առ յաւէտ հեռացած համազգայնականներ՝ Գէորգ Վիշապեան (Փրովիտենսի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն) եւ Արա Գաբրիէլեան (Նիւ Եորքէն, վերջերս մահացած):
Ժողովը մանրամասնութեամբ քննեց զանազան նիւթեր: Յատկապէս, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ծրագրերու մասին մանրամասն քննարկումներ կատարուեցան: Նաեւ կատարուեցան զանազան առաջարկներ:
Համագործակցական ծրագրեր եւ ժամանակացոյց մշակուեցան եւ կազմակերպութիւնները ներկայացուցին իրենց նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ նուաճումներն ու դժուարութիւնները: