
Սրտի անհուն կսկիծով լսեցինք մեր բոլորին սիրելի եւ յարգելի Պրն. Արշակ Գոլըստընի մահուան գոյժը: Այսու մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Տիկին ՍօՖիին եւ Գոլըստըն գերդաստանին, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Աւստրալիոյ ընտանիքին: Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքը եւ Կեդրոնական Վարչութիւնը բարձր կը գնահատէ Պրն. Արշակի նուիրուածութիւնը հայ դպրութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան գործին: Անոր շնորհիւ է, որ ստեղծուեցաւ Աւստրալիոյ Համազգայինի Ճեմարանը եւ մկրտուեցաւ ի°ր անունով՝ «Համազգայինի Արշակ եւ ՍօՖի Գոլըստըն Ճեմարան»: Աշխարհի մէջ մարդիկ կը ծնին, կ°ապրին եւ կը մեռնին, սակայն կան մարդիկ որոնք իրենց կեանքին իմաստը կը գտնեն նուիրաբերութեան մէջ եւ ատոր շնորհիւ կ°անմահանան. ահաւասիկ այդ անմահներէն մէկն է Արշակ Գոլըստընը: Արշակ Գոլըստըն ամուսնանալով Տիկին ՍօՖիին հետ կազմած էր հայ առաքինի ընտանիք մը, որուն համար ազգային շահը միշտ գերադասելի էր անձնական շահերէն: Անոնց բնակարանը փոքրիկ Հայաստանի վերածուած էր, անոնց շունչն ու ոգին հայկական էին: Թէեւ անոնք սեփական զաւակներ չունեցան, սակայն կրցան հազարաւոր հայորդիներու երկրորդ ծնողքը ըլլալ եւ իրենց իշխանական նուէրներով կեանք տալ հայեցի դաստիարակութեան ջամբումի այնքան կարեւոր գործին: Թումանեանի համաձայն՝ «Գործն է անմահ, լաւ իմացէք, որ խօսուում է դարեդար, երնէկ նրան որ իր գործո°վ կ°ապրի անվերջ, անդադար»: Արշակ Գոլըստընը ի°ր գործով պիտի ապրի յաւերժօրէն մեր բոլորի սրտերուն մէջ: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն 9 Օգոստոս 2008 Պէյրութ