
ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի յայտարարած Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, Կիրակի, 24 Փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ` ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին երգը եւ պարը յաղթանակներուն մէջ ունեցած են իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը:
Կիրակոսեան ըսաւ, որ պատերազմին հայ մտաւորականը, արուեստագէտն ու համալսարանականը ունեցած են իրենց յանձնառու եւ կարեւոր մասնակցութիւնը, երբ գրիչին ու վրձինին կողքին զէնք կրելով բերած են իրենց մասնակցութիւնը:
Սարգիս Կիրակոսեան աւելցուց, որ Արցախեան յաղթանակէն ետք, այսօր Արցախը մշակութային մայրաքաղաք է, եւ այս տուեալին գլխաւոր ապացոյցը անցեալ տարի շրջանին մէջ իր բնոյթին մէջ եզակի` Արցախի մէջ տեղի ունեցած բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնն էր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 10 երկիրներէ մտաւորականներ եւ բանաստեղծներ:
Ապա սկսաւ գեղարուեստական յայտագիրը: «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը եւ հայկական ժողովրդային գործիքներու համոյթը` խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանին եւ ընկերակցութեամբ դաշնակահար, արուեստաբան դոկտ. Թամար Յովհաննիսեանին ներկայացուցին արցախեան երգեր, ապա ելոյթ ունեցաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը, որուն գեղարուեստական պատասխանատուն է Մկրտիչ Միքայէլեան:
Գեղարուեստական ղեկավար Գէորգ Քէօշկերեանի առաջնորդութեամբ տհոլներու համոյթի ելոյթին յաջորդեց Յաւերժ Շխրտըմեանի կատարողութեամբ Եղիշէ Չարենցի «Յարդագողի ճամբորդները» բանաստեղծութեան ասմունքը: Դաշնակով Սարգիս Հալլաճեան նուագեց «Վաղարշապատի պարը», մինչ Հրակ Տեմիրճեան ջութակով եւ Նարէ Աղասարգիսեան դաշնակով նուագեցին Պաղտասարեանի «Նոքթիւռն»ը:
«Գայեանէ» պարի դպրոցը ներկայացուց «Ազգագրական պարերու շարան»-ը եւ «Կապոյտ թռչուն»-ը, մինչ «Քնար»-ը պարեց Արամ Խաչատուրեանի «Սուիտա»-ն եւ «Շալախօ»-ն: Ելոյթին մասնակիցները իրենց որակաւոր ներկայացումներով արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ գնահատանքին: