
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմաձայն զրոյց` նիւթ ունենալով «Լիբանանահայութեան եւ պոլսահայութեան իրականութեան պատկերացումը գրականութեան մէջ»: Մասնակիցներն էին` Նորվան արք. Զաքարեան, Գրիգոր Պըլտեան, Յարութիւն Քիւրքճեան եւ Սեւան Տէյրմէնճեան:
Բազմաձայն զրոյցին բացման խօսքը արտասանեց Շաղիկ Մկրտիչեան: Ան անդրադառնալով Գրիգոր Պըլտեանի գիրքերուն, որոնց առանցքը կը կազմէ ապրուած վայրը` իր շրջապատով, կարգ մը հարցադրումներ ըրաւ, թէ որքանո՞վ մեր գրականութիւնը իր ստեղծման վայրերուն մէջ կ՛արձագանգէ եւ ինչքանո՞վ անոնց իրականութիւնը մեր գրականութեան մէջ կ՛երեւի:
Առաջին բանախօս Նորվան արք. Զաքարեան, պատմական ակնարկ մը նետելով 1975 թուականին վրայ, երբ քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ Լիբանանի մէջ, ըսաւ, որ այդ ժամանակաշրջանին Պըլտեան կ՛ապրէր Փարիզի մէջ եւ ներշնչուելով այդ դէպքերէն լծուեցաւ «Քանդուող քաղաքի մը համար» գործին: Նորվան արք. Զաքարեան հաստատեց, որ ասիկա հոյակապ հնարք եւ որակ ունեցող գործ մըն է, որուն մէջ կ՛արտացոլայ Պըլտեանի հանճարը: Ան կարդաց գիրքէն հատուած մը, որ առնչուած էր Պէյրութին` շեշտելով Պըլտեանի բանաստեղծական զգայնութեան կարողութիւնը, որովհետեւ ընթերցողը պահ մը կը հաւատար, որ հեղինակը Պէյրութ կը գտնուէր այդ աշխատութիւնը գրած ատեն, մինչ ան հեռաւոր Փարիզի մէջ էր: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը հաստատեց, որ Պըլտեան լիբանանահայութեան իրականութեան պատկերացումը տուած է գրականութեան մէջ:
Այնուհետեւ Ռուպինա Մկրտիչեան կարդաց «Սեմեր» գիրքէն հատուած մը` վերլուծելով զայն: