
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, Հինգշաբթի, 22 Յունուար 2009-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին եւ 12:30-ին, երկու հանգրուանով տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտական ունկնդրութիւնը՝ ներկայութեամբ հայկական 13 վարժարաններու նախակրթարանի 3-րդ, 4-րդ եւ 5-րդ դասարաններու աշակերտներուն:
Զոյգ հանդիսութիւններուն բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտական խորհուրդի անդամ Սանան Գանտահարեան, որ նշեց, թէ այս երաժշտական ունկնդրութիւնները լաւագոյն առիթներն են ծանօթանալու հայկական թէ դասական երաժշտութեան եւ քոլեճի աշակերտներու կատարումներուն: Գանտահարեան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութիւնը կանգուն պարիսպ մըն է, որ կրնայ բոլոր տեսակի հոսանքներուն դէմ կանգնիլ:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Կարօ Գրիգորեան (դաշնակ), որ նուագեց «Ռեկթայմ»ը, որմէ ետք Անժելա Պէօճեքեան (դաշնակ) կատարեց «Ալագեազ»ը: Գօգօ Գապաքեանի (դաշնակ) կողմէ «Ծաղրածուներ» կատարումէն ետք «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ջութակի համոյթը ներկայացուց Սայաթ Նովայէն մեղեդի մը: Ապա Անդրանիկ Գասպարեան (կիթառ) նուագեց «Ֆեսթէ լարիան»ը, իսկ Արեւիկ Սարգիսեան՝ (դաշնակ) «Էլե•իա»ն:
Յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հրակ Փափազեան (տուտուկ), որ նուագեց «Տլէ եաման»ը, որմէ ետք Ռաքէլ Պալապանեան (դաշնակ) ներկայացուց «Թուլիփ»ը: Իսկ Հենրի Իշխանեանի (դաշնակ) Քլեմենթիի սոնաթինէն ետք, Նարէ Աշգարեան (ջութակ) նուագեց Թելեմանի քոնչերթոյէն հատուած մը:
Մարիա Եմենեան (դաշնակ) ներկայացուց Քուհլոյի սոնաթինը, իսկ Բալիկ Լատոյեան (դաշնակ) նուագեց Կոմիտասի «Գարուն ա»ն: Յայտագիրի աւարտին քոլեճի տհոլի համոյթը կատարեց ժողովրդական պարեղանակներու շարք մը: Վերջապէս, քոլեճին կիթառի համոյթը մատուցեց սպանական «Մալակենիա»ն:
Յայտագիրի աւարտին խօսք առաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ, որ նշեց, թէ աւանդութեան վերածուած այս աշակերտական շահեկան ելոյթները քոլեճի 25-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքին կը գտնուին եւ 25-ամեակի երթին կու տան իւրայատուկ գունաւորում ու որակ:
Զոյգ ելոյթներուն մասնակից հայկական վարժարաններն են՝ Վահան Թէքէեան վարժարան, Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Ագնէս վարժարան, Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգ. Աբգարեան վարժարան, Ազգ. Քառասնից Մանկանց վարժարան եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան: