
Շաբաթ, 13 Յունիսին, լոնտոնահայութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով վայելեց Երեւանի հռչակաւոր Գատանս Անսամպլի համերգը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Եղիշէ Եկեղեցւոյ Մշակութային շքեղ սրահին մէջ:
Համերգին ներկայ էին գաղութիս հոգեւոր Առաջնորդ Գեր. Տէր Նաթան Եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տօքթ. Վահէ Գաբրիէլեան, 200 հայ հանդիսատեսներ եւ փոքրաթիւ խումբ մը անգլիացի բարեկամներ:
Յայտագիրը կ°ընդգրկէր կտորներ Արամ Խաչատուրեանէն, Առնօ Պապաճանեանէն, Կոմիտասէն, Սայաթ Նովայէն, Մայքըլ Քոխայեւէն, Ասթոր Փիածոլլայէն եւ Անսամպլի ղեկավար (դաշնակահար) Արմէն Պապախանեանէն:
Որակաւոր այս Անսամպլի տպաւորիչ եւ խանդավառիչ երաժշտութիւնը արժանացաւ հանդիսատեսներու ջերմ ծափահարութիւններուն:
Համազգայինի Լոնտոնի Վարչութիւնը կը յայտնէ իր գնահատանքը Գատանս Անսամպլի բոլոր յարգելի անդամներուն եւ անոնց կը մաղթէ նորանոր յաջողութիւններ: Այս առթիւ կը յայտնենք նաեւ մեր խորին շնորհակալութիւնները Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Բարեսիրական Հաստատութեան, համերգի սրահը սիրայօժար Համազգայինին տրամադրելուն համար:
Համազգային Լոնտոն