
Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2011-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի «52 տարուան եղափոխութիւն» նիւթով ցուցահանդէսի բացումը:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ լիբանանահայ արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեան ստեղծագործական իր աշխատանքը սկսած է Լիբանանի մէջ, այնուհետեւ փոխադրուած է Քանատա, սակայն իր արմատներուն հետ կապը երբեք չէ կորսնցուցած եւ ամէն տարի իր ստեղծագործութիւններուն մէկ մասը կը ցուցադրէ Լիբանանի մէջ:
Յ. Հաւաթեան հաստատեց, որ Գրիգոր Ակոբեան շատ լուրջ եւ յանձնառու արուեստագէտ է` աւելցնելով, որ ասիկա արուեստագէտին անհատական 55-րդ ցուցահանդէսն է: Ան մասնակցած է աւելի քան 300 հաւաքական ցուցահանդէսներու, սակայն ասիկա հայկական միջավայրի մէջ տեղի ունեցող իր առաջին ցուցահանդէսն է: «Մենք կ՚ակնկալենք, որ այս առաջին ցուցահանդէսը դառնայ կարեւոր սկիզբ մը, որովհետեւ իր գործին լրջութիւնն ու յանձնառութիւնը մեր բոլորին յարգանքին եւ համապատասխան վերաբերմունքին կը սպասէ», եզրափակեց Յակոբ Հաւաթեան:
Այնուհետեւ Գրիգոր Ակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց ներկայութեան համար:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 28 Ապրիլ եւ բաց է Երկուշաբթիէն Շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: