
Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, տեղի ունեցաւ հայրենի գեղանկարիչ Լաւրենտի Աղասեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ քաղաքական գործիչներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ արդէն մէկ տարեկան եղած է ցուցասրահը. մէկ տարի առաջ տեղադրուած էին որոշ առաջադրանքներ եւ այսօր հաւաքական ճիգերու շնորհիւ կարելի եղած է նուաճումներ արձանագրել։
Հաւաթեան շեշտեց, որ գործը դժուար է, բայց ցուցասրահը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Ան աւելցուց, թէ այս ձեռնարկին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին հովանաւորութիւնը մեծ արժէք ունի, ինչ որ կ՚ապացուցէ մշակութային մարզին մէջ Հայաստան-լիբանանահայ գաղութ կապերու զարգացումն ու ամրապնդումը։
Խօսելով Լաւրենտի Աղասեանին մասին՝ Հաւաթեան հաստատեց, որ գեղանկարիչը հանրածանօթ ու վաւերական դէմք մըն է, որ նշեալ մարզին մէջ ունեցած է մեծ ներդրում՝ ի մասնաւորի նորահաս սերունդ կազմաւորելու աշխատանքին մէջ։
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ գնահատեց Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահին օգտաշատ գործունէութիւնը։ Քոչարեան գնահատեց Աղասեանի ստեղծագործութիւններուն որակն ու արժէքը եւ մաղթեց, որ ցուցասրահը արձանագրէ նոր ձեռքբերումներ։
Հայրենի գեղանկարիչ Լաւրենտի Աղասեան ըսաւ, թէ տասը տարուան դադարէ մը ետք առաջին անգամն է, որ Լիբանանի մէջ ցուցահանդէսի կը մասնակցի եւ այս առիթը ուրախալի է, քանի որ իրեն համար Լիբանանը հարազատ երկիր մըն է։ Աղասեան յայտնեց, որ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտը իր սրտին շատ կը խօսին։ Իր խօսքի աւարտին Աղասեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան այս ձեռնարկին յաջողութեան։
Ցուցահանդէսին Աղասեան ցուցադրած է 51 ստեղծագործութիւններ, որոնք տարբեր թեմաներ կը ներկայացնեն։ Գործերէն կարելի է յիշել «Ջութակ»ը, «Արեւածագ»ը, «Երազ»ը, «Ընկերներ»ը, «Սթիւտիոյին մէջ»ը, «Պար»ը եւ այլ գեղանկարներ, որոնք կ՚անդրադառնան մարդկային զգացումներուն, բնութեան տարրերուն, գեղուհիներուն եւ երաժշտութեան։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 6 դեկտեմբեր 2010, ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: