
Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Ուլաշեանի գեղանկարչական ցուցահանդէսը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վարդան Յովսէփեան, որ բարի գալուստ մաղթելով բոլոր արուեստասէրներուն յայտնեց, թէ Համազգայինի հիմնական նպատակներէն եւ առաջնահերթութիւններէն է քաջալերել ընտիր արուեստը եւ հայ արուեստին ու մշակոյթին սէրը տարածել: Ան ըսաւ, թէ ձեռնարկը կը միտի բոլորին հայեացքը կեդրոնացնել մեր շրջապատին մէջ իր արդար ինքնութիւնը նուաճած արուեստագէտ Գէորգ Ուլաշեանի գործերուն վրայ, որոնք կը ցոլացնեն գեղջկական պատկերներուն ընդմէջէն խաղողի, գինիի եւ բնութեան երանգները: Վերլուծելով արուեստագէտին գործերը ան ըսաւ. «Անոր արարումի կիզակէտը ողկոյզն է, որթատունկը եւ հայրենի պարարտ հողը: Վերադարձ մը դէպի հայու վաղեմի աւանդութիւնները: Ջուր կրել, գինի, արտերու հունձքը Գէորգ Ուլաշեանի ստեղծագործութեան տարերքը կը կազմեն: Արուեստագէտը անձրեւի կաթիլներու իւրայատուկ հարուածներուն տակ այգեկութքի աշխատանքին տուած է նոր վերածնունդ, նոր իմաստ` կեանքի, ազատութեան, երազի եւ իղձի»: