
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին, ծանօթ հրապարակագիր, մտաւորական եւ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեանի «Ես Տեսայ Անին» նորատիպ հատորին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Համազգայինի Կլենտէյլի կեդրոնատեղիի սրահին մէջ:
Ներկայ էր շրջանի եկեղեցւոյ հովիւներէն Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան՝ իբրեւ ներկայացուցիչ առաջնորդ Մուղեղ արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին նաեւ Շրջանային վարչութեան եւ անոր Գրական միաւորի անդամ-ներկայացուցիչները, հեղինակի ընտանեկան պարագաները եւ բարեկամները, ինչպէս նաեւ Հալէպի ճեմարանական իր ընկերները ու մեծ թիւով գրասէր եւ մշակութասէր հայորդիներ:
Երեկոյի բացման խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ միաւորի ատենապետ Մակի Պապիկեան, որ ներկաները ողջունելէ առաջ ընթերցեց Գէորգ Պետիկեանի հայ լեզուին նուիրուած ոտանաւորը, մեծապէս տպաւորելով բոլորը: Ապա, ան յիշեցուց, թէ այս ամիսը նուիրուած է մեր մշակոյթին եւ յատկապէս մեր թագմանիչներուն, եւ պատեհ առիթ է, որ մեր մշակոյթին հետ աղերս ունեցող նման ձեռնարկ կը կազմակերպուի նոյն ժամանակ:
Պետիկեան իր աշակերտական տարիներէն կը սպասարկէ հայ գրականութեան բագինին, յիսնամեայ վաստակ մը աւանդելով Սփիւռքին: Ապա բեմ հրաւիրեց վաստակաշատ դաստիարակ Արփի Համբարեան Ճիէրեանը, որպէսզի ներկայացնէ հատորը:
Արփի Համբարեան նախ ներկայացուց հատորը իր ընդհանրութեան մէջ. հրատարակման տարի, վայր եւ բովանդակութիւն, ինչպէս նաեւ մէջբերեց փոխան յառաջաբանի բաժինէն Շաքէ Մանկասարեանի՝ հեղինակին հասցէագրած տողերէն բաժին մը։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: