
27 Մարտ 2015-ին, Աթէնքի Intercontinental պանդոկին մէջ, միօրեայ համագումար մը տեղի ունեցաւ համագործակցութեամբ երեք համալսարաններու՝ Փանտիօ քաղաքական գիտութեանց համալսարանի հաղորդակցական եւ քաղաքակրթական բաժնի, Բիրէայի համալսարանի վարչագիտական, մենեճմընթի եւ զբօսաշրջութեան բաժնի, ինչպէս նաեւ Խարոքոփիօ համալսարանի քարտիսագրութեան բաժանմունքի, հսկողութեամբ փրոֆեսէօրներ Ն. Լէանտրոսի, Ն. Պաքունաքիսի եւ Խ. Խալքիասի։
Տոքթորական իբրեւ թէզ 17 վկայեալներ իրենց առանձին բաժիններով ներկայացուցին 1922-էն՝ Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք հայ գաղթականական մեծ հոսանքի մը Տուրղութի (այժմ Նէոս Գոզմոս) գաղթակայանին մէջ հայերու եւ այլ տարագիր բազմութիւններու տեղաւորումն ու հաստատումը մինչեւ 1960-1964, որմէ ետք հաւաքական տեղափոխութիւն մը կատարուեցաւ դէպի այլ նոր թաղաշրջաններ, Աթէնքէն ոչ շատ մեծ հեռաւորութեան վրայ գտնուող շրջաններու մէջ (Գարէա, Փանիոնիոս, Թաւրոս, Ծիծիֆիէս, Այ Եաննի Ռենտի, եւայլն)։