
Չորեքշաբթի, 29 Դեկտեմբերին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը մասնակցեցաւ Ճեմարանի անձնակազմին Կաղանդի տօնակատարութեան Օրիժինալ ճաշարանէն ներս։
Կեդրոնական Վարչութիւնը առ ի գնահատանք Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Սփիւռքի հայկական լաւագոյն կրթօճախ» հանդիսանալուն, 10.000 $ նուիրեց դպրոցի ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան՝ մաղթելով յարատեւութիւն Ճեմարանի կրթական թէ հայեցի դաստիարակութեան առաքելութեան։