
Կը լսենք ասդիէն անդիէն, մենք եւս արթուն վկաներն ենք, թէ ինչպէս հայ երգը անընդհատ եւ ամենուրեք ենթակայ կը դառնայ իր դիմագիծին, իր ինքնութեան սպառնացող օտարամուտ ոյժերու, ըլլան անոնք թրքական, պարսկական, արաբական թէ այլ երանգաւորումներ։ Բարեբախտաբար, այս երեւոյթին միւս երեսը կայ՝ հայ երգը անաղարտ պահելու եւ նորահաս սերունդին փոխանցելու տքնաջան աշխատանքը, որուն յամառօրէն կառչած կը մնայ Համազգայինը` այս պարագային Գլաձոր մասնաճիւղը, իր «Գուսան» երգչախումբով։
Կիրակի, 17 Մարտ 2019ի յետմիջօրէին, Համազգայինի Տաթեւ մասնաճիւղի հրաւէրով՝ Գէյպրիճի Հայ Կեդրոնէն ներս կայացած Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի համերգը, բծախնդրութեամբ համադրուած երգերու այլազանութեամբն ու բարձրորակ, հոգեթով կատարումներով, հպարտութեան եւ յուզումի պահեր ստեղծեց հանդիսատեսին մօտ, նամանաւանդ Գէյմպրիճի նման փոքրաթիւ համայնքի մը մէջ, ուր այսպիսի երեւոյթները հազուադէպ են տարուան ընթացքին։
Գէյմպրիճի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ ենք, ժամը հասած է. ծափերու ներքեւ, իրերայաջորդ կերպով սրահ մուտք կը գործեն թիւով վաթսուն հաշուող «Գուսան» երգչախումբի անդամները, վաստակաւոր դաշնակահար Վանիկ Յովհաննիսեանն ու տաղանդաւոր խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանը. վայրկեան մ՚իսկ չանցած, կը սաւառնինք դէպի հայրենիք, մեր մեկնակէտն ու վերջակէտը։
«Իմ հեռաւոր հայրենիք»ով Մասիսի ու Սիփանի կարօտը կ՚երգենք, «Գարահիսար»ով վերստին թափ կ՚առնէ մեր ազգային ոգին, «Ես աղջիկ եմ» քնքոյշ երգի կատարումով կը թեթեւնան մեր հոգիները գէթ քանի մը վայրկեան, մինչեւ հասնինք «Քելէ Լաօ»ին։ Քիչերն են այսօր, որ մեր պապենական երգերը կը կատարեն այսքան հարազատօրէն, որքան ժողովրդական երգերու մեկնաբան Նուէր Ղազարեանը. իր հրապուրիչ մեկնաբանութեան, տուտուկի վրայ կ՚ընկերակցի որդին՝ պատանի տարիքին իսկ բազմաթիւ առիթներով հանդէս եկած Սէյրան Ղազարեանը, որուն անմիջապէս կը յաջորդէ Սիլվա Կապուտիկեանի «Քելէ Լաօ» բանաստեղծութիւնը, ասմունքող Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ։ «Պինկէօլ»ն ու Կոմիտասի «Կայնի եարօ»ն իրերայաջորդ կերպով կը ներկայացնէ երգչախումբը ու «Կռունկներ»ու թեւերուն, «Նուպար»ի «պօյ»ով հիացած կը հասնինք երկրորդ մեներգին՝ մօր մասին գրուած «Պատրանքի թեւով» ստեղծագործութեան, հոյակապ մեկնաբանութեամբ շնորհալի Մինէ Ծատուրեանի։ Բարսեղ Կանաչեանի ստեղծագործութիւններէն «Շուշօ»ն իւրայատուկ տեղ գրաւած է Գուսանականներուն մօտ, թէ իր բարբառային պարունակութեամբ, եւ թէ երաժշտութեամբ. ջեյրան Շուշոյի հմայքով ու Սասնայ սարերով տարուած կը հասնինք բոլորիս ծանօթ ու սիրելի «Այ վարդ»ին, որուն մեկնաբանն է Գուսանի աստղերէն, տաղանդաւոր մեներգող Լեւոն Գարակիւլլէեանը։ Կարա Մուրզայի «Լեպհո լէ լէ»էն ետք, «Երեւան»ով վերջ կը գտնէ յայտագիրին առաջին բաժինը, հանդիսատեսը ձգելով անյագ ու անհամբեր երկրորդին։
Հակիրճ դադարը իր աւարտին կը հասնի. երկրորդ բաժինն է։ «Լուռ գիշերին» աստղունք լուսնին ձայն կու տան ու խորհրդաւոր մթնոլորտ մը կը ստեղծուի սրահին մէջ, Աւետիք Իսահակեանի բառերով օժտուած երգին գեղեցիկ կատարողութեան ընդմէջէն։ Նուրբ երգերու շարանը կը շարունակուի. Արա Տէր Յարութիւնեանի եւ Գուսանի երկարամեայ մեներգողներէն Րաֆֆի Տէր Պօղոսեանի գեղեցիկ զուգերգով հարստացած «Ախ աղջիկ»ին կը յաջորդէ դարձեալ Հ. Գրիգորեանի երաժշտութեամբ՝ Րաֆֆի Տէր Պօղոսեանի կողմէ «Թոյլ տուէք դառնամ» ի յուզումնալից մեկնաբանութիւնը, որ կ՚արժանանայ ներկաներու բուռն ծափերուն։ «Այ եայլի»ին կը յաջորդէ «Հովւի երգը». Նուէր Ղազարեան դարձեալ կը տպաւորէ իր հարազատ մեկնաբանութեամբ, կ՚ընկերակցի երգչախումբը։ «Նազան եար» ծանօթ ու խանդավառ երգի կատարողութենէն կ՚անցնինք «Հայաստան ասելիս»ին, խօսքը՝ Համօ Սահեանի, երաժշտութիւնը՝ դաշնակահար Վանիկ Յովհաննիսեանի. յուզիչ է երգը, յուզիչ է նաեւ Լեւոն Գարակիւլլէեանի մեկնաբանութիւնը։ Լեւոն կը շարունակէ իր թովիչ ձայնով տպաւորել ներկաները «Երեկոն նաւահանգստում» երգով, ընկերակցութեամբ երգչախումբին։ Յաջորդող երեք երգերը դարձեալ դէպի հայրենիք կ՚ուղղեն մեր հայեացքը։ «Փառքի ճամբով»ի ոգեշունչ կատարողութեան կը յաջորդէ «Տուն իմ հայրենի». դարձեալ կը լսուի Մինէ Ծատուրեանի հմայիչ ձայնը, մինչ երգչախումբը կ՚ընկերակցի մերթ ընդ մերթ. նշենք, որ երգչախումբի երաժշտութեան բաժինը յօրինումն է Վանիկ Յովհաննիսեանի։ Գուսանը իր յայտագիրը կը փակէ բոլորին սիրելի «Երեւան-Էրեբունի» երգի հոգեպարար մեկնաբանութեամբ։
Շնորհիւ խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի անսակարկ նուիրումին ու բծախնդիր հետեւողականութեան, դաշնակահար Վանիկ Յովհաննիսեանի անվերապահ, որոշիչ դերակատարութեան, զուլալ Հայ երգը իր վեհութեամբ բեմի վրայ էր։ Հնչեցին Կոմիտասն ու Կանաչեանը, Հեքիմեանը, Կարա Մուրզան ու Ալէմշահը, Աւետիսեանն ու Ալթունեանը...։ Թիւով քսաներեք ստեղծագործութիւն, մեներգներով, զուգերգներով, տուտուկով ու ասմունքով համեմուած նրբաճաշակ ծրագիր. երկարամեայ մեներգողներ ու երիտասարդ շնորհալի աստղեր, հին ու նոր յօրինումներ, ազգային, դասական ու ժողովրդական ոճի գոհարներ. վերջապէս, բարձրորակ, համահունչ խմբային երգեցողութիւն։
Գէյպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղի ատենապետ Սամուէլ Մովսիսեանի շնորհակալական խօսքով եւ իւրայատկօրէն պատրաստուած ծաղկեփունջերու տուուչութեամբ վերջ կը գտնէ «Գուսան» երգչախումբի այս ելոյթը։ Իսկ այն որ հանդիսատեսը կը տանի հետը՝ հոգիի թռիչք, հպարտութեան զգացում, կտոր մը հայրենիք։
Մարաթուկ