
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցիչ, գրագէտ, ազգային գործիչ Գէորգ Աբէլեանին նուիրուած յուշ- երեկոյ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Ճորճ Աբէլեանի աշխատանքի ընդարձակ ծիրը` Հայ աւետարական եկեղեցւոյ եւ վարժարանին մէջ ուսուցիչ, կրթական մշակ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն մէջ տարբեր պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած, յատկապէս ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին մէջ` ներկայացուցիչ եւ քարտուղար, աւելի քան 50 տարուան վաստակ ունեցող անդամ, Այնճարի մէջ տարբեր յանձնախումբերու անդամ եւ նախագահ, լրագրող, վաւերագիր, յօդուածագիր, գիրքերու հեղինակ, ուսումնասիրական աշխատանքներ կատարող, Պեքաայի մէջ արհեստից առաջին դպրոցներէն մէկուն տնօրէն, անձնական «Սաւա» ընկերութեան տէր, Ազգային բուժարանի հոգաբարձու, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հիմնադիր եւ երկար տարիներու ժրաջան անդամ: Ապա ան դիտել տուաւ, որ ընդհանրապէս ընկերութեան մէջ, յատկապէս` հայկական իրականութեան մէջ, մարդու, ի մասնաւորի ազգային մարդու յաջող օրինակ է Ճորճ Աբէլեան, որ Քեսապէն եկած է Այնճար, մեծ դժուարութեամբ յաճախած է Հայկազեան համալսարան, ուսուցչութիւն ըրած է, հայ ընտանիք կազմած է, Այնճարի մէջ ի՛ր ճիգերով հող գնած է, տուն կառուցած, անձնական հաստատութիւն հիմնած ու վարած: Ե. Հաւաթեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ այն իրականութիւնը, որ Աբէլեանին մտահորիզոնը, աշխատանքային դաշտը ընդարձակ էր, անոնք չէին սահմանափակուած Այնճարով կամ Քեսապով, այլ համահայկական հարցերով հետաքրքրուած էր մեծապէս, իր գործունէութիւնը նաեւ այդ մակարդակով ծաւալած էր, հայն ու Հայաստանը մնայուն կերպով դրոշմուած էին անոր էութեան մէջ: