
Ապրիլ է: Գարնան այս ամիսը խոր ցաւով կը մրճահարէ մեր հոգին: Սարսափելի պատկերներ՝ խեղճացած այրերու, առեւանգուած եւ բռնաբարուած կոյսերու եւ հարսերու, ոտաբոպիկ ու սոված մանուկներու եւ ծերերու, որոնք Տէր Զօրի այրող արեւին տակ, այրող աւազներուն վրայ տարածուած՝ կը տողանցեն մեր աչքերուն առջեւ: Այս պատկերը անկարող ենք մտահան ընել: Մեր անզօրութիւնը՝ հակառակ տարուած աշխատանքներուն մեզ աւելի կը ճնշէ ու կը բարկացնէ: Աշխարհի ժողովուրդներու եւ պետութիւններուն ողորմածութեան եւ արդարադատութեան կը սպասենք: (Կարծեմ իզուր): Սակայն անտեսելով այս տխուր կացութիւնը, խօսինք քաջալերական երեւոյթի մը մասին:
Նիւ Եորքի Համազգայինը 36 տարի է որ իր համեստ ներդրումը բերած է ԱՊՐԻԼ ամսուն: Կը փորձենք ներառնել, Սփիւռք ծնած ու մեծցած նոր սերունդը՝ պատանիներ ու երիտասարդներ, որոնք ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ կ’ընթերցեն մեր հարուստ գրականութենէն ընտրուած բանաստեղծութիւններ եւ արձակներ: