
Համազգայինի <<Մուշեղ Իշխան>> Մէկուսի Մասնաճիւղի Գրական Խմբակի նախաձեռնութեամբ, 23 Յունիս 2012-ին տեղի ունեցաւ տաղանդաւոր բանաստեղծ Փառէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւններուն նուիրուած երեկոյ՝ Շարժայի Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս. ձեռնարկը նուիրուած էր հայ գիրքի տպագրութեան 500 ամեակին եւ Երեւանը՝ իբրեւ համաշխարհային գրքի մայրաքաղաք հռչակման առիթներուն:
Ներկաներն ու հիւրերը տեղի հայ համայնքի տարբեր տարիքի անձեր էին, որոնք հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Փառէն Յովսէփեանի չափածոյ ստեղծագործութիւնները, Շաքէ Մանկասարեանի եւ Լիզա Գարաճեանի ընթերցմամբ: Իւրաքանչիւր ասմունքէ յետոյ բանաստեղծը պատմեց տուեալ ստեղծագործութեան շարժառիթները, թէ ի´նչպէս եւ ե՞րբ գրած է զանոնք, ի՞նչ զգացողութիւններ ունեցած է այդ պահուն: Ան նաեւ նշեց, որ շնորհիւ արուեստագէտ Նորայր Գազանճեանին ան քաջալերուած է գրել եւ Նորայրին երգած կարգ մը երգերու խօսքերուն հեղինակը ի՛նքը՝ Փառէնն է: Այդ երգերը եւս հնչեցին Նորայր Գազանճեանի ձայնագրութիւններով, որոնցմով աւելի ճոխացաւ երեկոն:
Փառէն Յովսէփեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն ու զանոնք մասնակից դարձուց ասմունքի վերլուծութեան եւ քննարկման։ Բանաստեղծութիւններէն յատուկ էին. <<Էմիրութեանց հայ Գաղութին>>, <<Աներեւոյթ խոյանքներ>>, <<Կարեկցութիւն>>, << Դու ինձ հետ>>, << Հայր – Որդի>>, << Ծերունի հայդուկը>>: << Օհաննէսեան Վարժարան>>-ը խորագրով բանաստեղծութիւնը նուիրուած էր Ա.Մ.Է. հայ համայնքի հայեցի կրթութեան օճախ – վարժարանին: Ներկաներուն յուզում պատճառեց <<Առանձնութիւն>> երգը՝ կատարողութեամբ (երգ եւ նուագ) Փառէնի որդւոյն՝ Վարագի: Ձեռնարկի աւարտին վեհ զգացողութեամբ վայելեցինք <<Դրօշ Հայրենի>> ստեղծագործութիւնը՝ ձօնուած Ապու Տապիի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան պաշտօնական բացման արարողութեան:
Եզակի այս ձեռնարկը յաջողութեամբ աւարտեցաւ խոր տպաւորութիւն ձգելով ներկաներուն վրայ։