
2012-ը հայ գիրքի տպագրութեան 500 ամեակն է: Արամ Վեհափառը այս տարին հռչակեց հայ գիրքի տարի: Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մեկուսի մասնաճիւղը հաւատարիմ մնալով հայ գիրքն ու գրականութիւնը տարածելու եւ հայ դպրութեան ծառայողներուն տէր կանգնելու իր առաքելութեան ՝ Շաբաթ 4 Փետրուար 2012-ին, Շարժայի Փիէռ Քէօսէեան սրահին մէջ կազմակերպեց գրական երեկոյ մը, որուն ընթացքին այս ձեռնարկին համար յատուկ հրաւիրուած Հալէպահայ գրագիտուհի Պերճուհի Աւետեան ներկայացուց «Կնոջ դերը հայ գրականութեան մէջ» նիւթը: Յայտագիրը կ'ընդգրկէր նաեւ Օրդ. Աւետեանի «Բեմահարթակ» հատորին շնորհահանդէսն ու գինեձօնի արարողութիւնը:
Սեդա Մանկասարեան-Պալիօզեան, յանուն «Մուշեղ Իշխան» մասնաճիւղի վարչութեան արտասանեց բացման խօսքը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն նուագով իրենց մասնակցութիւնը բերին Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի աշակերտուհիներէն Սարին Կիրակոսեան՝ դաշնամուր եւ Յասմիկ Պետրճիքեան՝ ջութակ: Մարիա Պաղտոյեան եւ Վարագ Յովսէփեան հրամցուցին զուգերգ կիթառի ընկերակցութեամբ: Շաքէ Մանկասարեան-Կրօկըն ընթերցեց Օրդ. Աւետեանի «Բեմահարթակ» հատորէն «Այր եւ Կին» պատմուածքը: Ապա բեմ բարձրացաւ գրագիտուհին եւ ներկայացուց նիւթը՝ վեր առնելով հայ կնոջ խաղացած դերը հայ գրականութեան մէջ հայոց պատմութեան զանազան շրջաններուն, սկսելով նախաքրիստոնէական շրջանէն, անցնելով միջնադարեան շրջան ապա 19-րդ ու 20-րդ դար: Դասախօս հիւրը վեր առաւ արժանիքը բոլոր այն կին գրողներուն, արեւելահայ թէ արեւմտահայ, որոնք ռահվիրաներ դարձան հայ ազատագրական շարժման մէջ յատկապէս իրենց թարգմանական աշխատանքով: Ապա դասախօսուհին ցաւով անդրադարձաւ Սփիւռքի ու Արեւմտահայերէնի մտահոգիչ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ հայերէն ընթերցողներու թիւին յուսահատեցուցիչ անկումին մասին, Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս:
Ապա, հանդիսավարուհին ամփոփ ձեւով ներկայացուց «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի արժանացած «Բեմահարթակ» հատորը, որմէ ետք Արժանապատիւ Տ. Արամ Քահանայ Տէյիրմէնճեանի ձեռամբ կատարուեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին վաճառուեցան հեղինակին մանկական գիրքերն ու «Բեմահարթակ» հատորը, որոնք մակագրուեցան հեղինակին կողմէ:
Ապու Տապիի Ազգային Վարչութիւնը, քաջալերուած այս ձեռնարկի յաջողութենէն եւ գնահատելով գաղութին մէջ գրական ճաշակի զարգացման համար «Մ.Իշխան» մասնաճիւղի տարած աշխատանքը, հրաւիրեց գրագիտուհին՝ Ապու Տապիի հայ գաղութին ներկայացնելու համար գրական նոյն ծրագիրը : Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 7 Փետրուար 2012-ի երեկոյեան Միլենիում պանդոկի սրահէն ներս:
Ազգային Վարչութեան բացման խօսքը արտասանեց Սօնա Տատաղլեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց կենսագրական ծանօթութիւններ Պերճուհի Աւետեանի մասին: Ապա Մարալ Պալապանեան հանդէս եկաւ մեներգով մը, որմէ ետք Սօնա Տատաղլեան ընթերցեց Պերճուհի Աւետեանի «Այր եւ Կին» պատմուածքը: Համազգայինի Մուշեղ Իշխան Մեկուսի մասնաճիւղի ատենադպրուհի Սեդա Մանկասարեան-Պալիօզեան ամփոփ ներկայացուց «Բեմահարթակ» հատորը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան դասախօսուհի Օրդ. Աւետեանը:
Գրական երեկոն խորհրդաւոր էր ու տպաւորիչ, ներկայ էին գաղութի գրասէրները, Ազգային Վարչութեան եւ Թեմական մարմիներու անդամներ: Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Վարդգէս Արզումանեան պարգեւատրեց դասախօսուհին յատուկ յուշանուէրով:
Ձեռնարկին աւարտին կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ գիրքի վաճառք եւ մակագրութիւն:
Շարժայի թէ Ապու Տապիի մէջ Գրական երեկոյի թողած տպաւորութիւնը դրական էր :