
Համազգային «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Կիրակի 29, Յունուար 2023-ին, «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ խումբ մը գրասէրներու, տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ նուիրուած մտաւորական, ազգային գործիչ եւ բանաստեղծ Լեւոն Շանթի։
Վարչութեան բարի գալուստի խօսքէն ետք, գրական յանձնախումբի ընկերուհիներ` Դալար Աբգարեան, Նաթալի Թէլեան եւ Շողիկ Մանուկեան համապարփակ գիծերու մէջ ներկայացուցին Շանթի կեանքը, գրական գործունէութիւնն ու արժէքները, յատկապէս սփիւռքի կրթական եւ մշակութային ոլորտի կազմաւորման եւ զարգացման գործին բերած իր նպաստը, իբրեւ մանկավարժ եւ կրթական մշակ եւ հիմնադիր համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան։
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ ըմբոշխնեցին գեղեցիկ ոճով հրամցուած ներկայացումը, ակամայ թռիչք տալով իրենց հոգիներուն՝ ճախրելու Շանթի գաղափարական եւ համամարդկային վսեմ արժէքներուն շուրջ։
Երոկոյին երկրորդ բաժինը կ'ընդգրկէր հիւրասիրութիւն խրախճանք, ուր ներկաները մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ ունկնդրեցին փունջ մը հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգեր, նաեւ վայելեցին ընկերուհիներուն պատրաստած զուարճալի եւ դաստիարակիչ խաղերը (հայկական անուններու Bingo եւ ծաղրանկարիչ Սարուխանի թեւաւոր խօսքերու ծաղրանկարներուն համապատասխան դարձուածքները գուշակելով )։
Ներկաները լիցքաւորուած, գոհունակ եւ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ, դարձեալ նման երեկոներու կազմակերպան խոստումով։