
Գլաձոր մասնաճիւղի գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքին էր «Հայ լեզուն. անցեալը, ներկան եւ ապագան» նիւթը կրող հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ 18 Յունուար 2015-ի յետմիջօրէին, Համազգայինի Յ. Մանուկեան գրադարանին մէջ, շուրջ 100 հանդիսատեսներու ներկայութեան։
Հաւաքը վարեց Թամար Տօնապետեան Գուզուեան. ան յայտնեց, թէ մօտ օրէն կ՚ամբողջանայ գրասէրներու խմբակի յառաջացման երրորդ տարեդարձը։ Հաւաքներուն նպատակը կամուրջ մը ստեղծել է հայ երիտասարդին եւ հայ գրականութեան միջեւ եւ ցարդ տեղի ունեցած են 28 հաւաքներ։ Ապա ան հրաւիրեց ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտներէն՝ շնորհալի Տեսիլ Սաղտըճեանն ու Թերեզա Մարտիրոսեանը, որպէսզի արտասանեն Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը։ Գեղեցիկ մեկնաբանութեան յաջորդեց Մուշեղ Գարագաշեանի հակիրճ ակնարկը հայ լեզուի անցեալին մասին, ապա ծայր առաւ զրոյց մը, որուն գլխաւոր նիւթը արեւմտահայերէնի արձանագրած նահանջն էր։ Եղան բազմաթիւ արտայայտուողներ, որոնք բաժնեցին զանազան տեսակէտներ ու մտահոգութիւններ։ Եղան որոշ առաջարկներ ապագայ քայլերու նկատմամբ, սակայն, ինչպէս հանդիսավարը ակնարկեց, սահմանափակ վայրկեաններու մէջ լուծումներ գտնել չէր նպատակը. այլ՝ մտածել տալ, զրուցել եւ նիւթը արծարծել, այն համոզումով որ կ՚ըլլան յառաջիկայ հաւաքներ, ուր յաւելեալ կարելի է խօսիլ ապագայ ծրագիրներու մասին։
Հաւաքը արժանացաւ ներկաներու յոյժ գնահատանքին: