
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան աւանդութիւն դարձած Գրական Մրցումը այս տարի եւս մեծ յաջողութիւն գտաւ, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ, Ալեք Մանուկեան, Նարեկ, եւ Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.ի Լափոյեան երկրորդական վարժարաններէն 208 աշակերտներու մասնակցութիւնը ապահովելով։
Արդիւնքները՝
Առաջին խումբ
➢ 5-րդէն 9-րդ կարգերու աշակերտներ
Նիւթ՝ Եթէ ամենակարող ըլլայիր՝ ի՞նչ կ'ուզէիր փոխել:
Մրցանակակիրներ՝
o Ա. Գայանէ Մարկարովա (Սբ. Յակոբ երկրորդական վարժարան՚)
o Բ. Նարէ Զոհրապեան (Սբ. Յակոբ երկրորդական վարժարան)
o Գ. Արամ Պարպարեան (Նարեկ վարժարան)
➢ Երկրորդ խումբ
10-րդէն 12-րդ կարգերու աշակերտներ
Նիւթ՝ Երեք ուրախ կամ տխուր դէպք պատմէ կեանքէդ, որ ազդեցութիւն ունեցած է կազմաւորմանդ վրայ:
Մրցանակակիրներ՝
o Ա. Սեւան Տօնապետեան (Սբ. Յակոբ երկրորդական վարժարան՚)
o Բ. Նայիրի Էլիպէքեան (Սբ. Յակոբ երկրորդական վարժարան)
o Գ. Աննա-Մարիա Մուպայէտ (Հ..Օ.Մ.ի Լափոյեան երկրորդական վարժարան)
Վարչութիւնը այցելեց վարժարանները, ուր հայերէնի ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն ներկայութեամբ գնահատեց բոլորին մասնակցութիւնը, շնորհաւորեց մրցանակակիրները ու պարգեւատրեց զանոնք Համազգայինի գլխաւոր ձեռնարկներէն մէկուն երկու հրաւիրատոմսով եւ Գրատարածի յանձնախումբին կողմէ հայթայթուած գիրքերով։
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ մրցանակակիրները խիստ գնահատելով անոնց գրական ձիրքը եւ մաղթելով, որ շարունակեն գրել ու ստեղծագործել։