
Կիրակի, 29 Մարտ 2009-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ՝ նուիրուած Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի տեսլականին տէր, գրականագէտ, գրաքննադատ, մտաւորական, մանկավարժ, դաստիարակ եւ ուսուցիչ Գրիգոր Շահինեանի յիշատակին, ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, համազգայնականներու, եւ սիրելիներու մեծաթիւ փաղանգի:
Յայտագիրը սկսաւ «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին Գրիգոր Շահինեանի խօսքերէն հատուածներու ցուցադրութեամբ, ապա Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Յակոբ Լատոյեան, որ յայտնեց, թէ յիշատակի երեկոները խորքին մէջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուող անձին մեծարանքէն աւելի, անոր կեանքին ընդմէջէն մեր հոգիները հարստացնելու եւ բան մը սորվելու ճիգեր են բոլորիս համար:
Ան ըսաւ, թէ Գրիգոր Շահինեանի տիպարը իր էութեամբ դաստիարակիչ է՝ աւելցնելով, որ ընտանիքի հայր թէ ժողովական, ուսուցիչ կամ գրականագէտ, մանկավարժ թէ խմբագիր, բոլոր յատկանիշներուն մէջ կայ հասարակաց կէտ մը՝ մեծ մարդու յատկանիշները:
Յակոբ Լատոյեան նաեւ նշեց, որ մեր կեանքին մէջ դժբախտաբար օրէ-օր մեծերը կը պակսին եւ ոմանք կը փորձեն մեծերուն նմանիլ, սակայն խորքը եւ կարեւորը մեծերուն նմանելու համար մեծ ծնիլն է, եւ այսօր այդ տեսակ մեծերու բացակայութիւնը զգալի է: Լատոյեան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, թէ այս երեկոն իր ամբողջութեան մէջ ծաղկեպսակ մըն է Գրիգոր Շահինեանի յիշատակին:
Ապա Սերուժ Յովսէփեան(դաշնակ) նուագեց «Եաման եար»ը եւ Արին Թաշճեան՝ (ջութակ) «Ալ այլուղս»ը:
Ճեմարանի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով Գրիգոր Շահինեանի սրտի խօսքը լսելէ ետք, Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը երգեց Ռ. Պետրոսեանի «Իմ ուսուցիչ» եւ Գրիգոր Շահինեանի «Խոզուկին գանգատը» երգերը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Յովհաննէսեան, որ նշեց, թէ Գրիգոր Շահինեան երբեք չցանկաց մեծարանքի հանդիսութիւն իրեն ի պատիւ, չուզեց շքանշան ստանալ եւ մերժեց նմանօրինակ առաջարկներ: Ան ըսաւ, թէ Շահինեանի ներաշխարհը կը լեցնէր անկեղծ համեստութիւն մը, որուն առանցքը անանձնականութիւնն էր:
Յովհաննէսեան յայտնեց, որ ան ուսուցչութիւնը շարունակեց մինչեւ վերջ, եւ ան միշտ պարտաճանաչ էր եւ ուսուցչական առաքելութեան գիտակից: Բանախօսը ըսաւ, թէ բազմակողմանի եւ հարուստ է Շահինեանի վաստակը, որ կը տարածուի աւելի քան յիսուն տարուան վրայ եւ այլազան մարզերու մէջ՝ կրթական, մշակութային, գրական, գրականագիտական եւ հրատարակչական:
Կարօ Յովհաննէսեան նշեց, որ հակառակ պատերազմի սարսափին, քանդումներուն եւ մահասփիւռ ռումբերուն, Շահինեան տեսիլքը ունեցած է «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի շինութեան, եւ մեծապէս սատարած է անոր իրագործումին: Յովհաննէսեան նաեւ աւելցուց, որ Շահինեան քսան տարի շարունակ եղած է վարիչը «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոնին, եւ իր օրով կեդրոնը տուած է աւելի քան հարիւր շրջանաւարտուհիներ եւ շուրջ 70 աւարտականներ:
Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ ինչ որ ըրաւ Շահինեան, լա°ւը ըրաւ. յաջողեցաւ իր ստանձնած գործերուն մէջ, իր բոլոր իրագործումներուն մէջ փաստեց իր ստեղծագործ ոգին, սքանչելի տեսլականը, իր անկեղծութիւնը, մարդկայնութիւնը:
Դասախօսը նշեց, որ Շահինեանի եւ շահինեաններու տիպարին ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ անհրաժեշտ է՝ մեր կեանքին յառաջդիմութեան համար: Կարօ Յովհաննէսեան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, թէ այսօր Շահինեանի մահը կը յուշէ մարդկային եւ հայկական արժէքներու տերեւաթափը, «բայց Շահինեանի մահը մեզ կը թելադրէ երեք բան. առաջին՝ մարդ պատրաստել, երկրորդ՝ մարդ պատրաստել, երրորդ՝ մարդ պատրաստել»:
Ապա ներկաները դիտեցին Լ. Շանթի մասին Գրիգոր Շահինեանի մտորումները, որմէ ետք Աբիկ Չոլաքեան (դաշնակ) նուագեց «Էլեգիա»ն, Մարիա Թոսունեան՝ (շուի)՝ «Տլէ եաման»ը, իսկ Խաժակ Խաչատուրեան՝ (ջութակ)՝ «Կռունկ»ը:
Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինով բեմ բարձրացաւ «Առաքելոց» երգչախումբը, որ երգեց Կոմիտասի «Խորհուրդ խորին»ը, «Մեծացուսցէ Անձն իմ ըզՏէր»ը եւ «Սուրբ, սուրբ»ը:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաները դիտեցին «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 25-ամեակին առիթով Գրիգոր Շահինեանի արտասանած խօսքը:
Նշենք, որ հանդիսութեան սկզբնաւորութեան ներկաներուն բաժնուեցաւ «Բանբեր Համազգայինի» պարբերաթերթի այս տարուան երրորդ թիւը, որ նուիրուած է Գրիգոր Շահինեանին:
Ազդակ