
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի « Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Ուրբաթ, 13 Օգոստոս 2021-ին տեղի ունեցաւ «Հայկական Հարցը եւ Դաւադրական Դաշնագիրները 1878-1923» խորագիրով դասախօսական երեկոյ մը, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս։ Ձեռնարկին ներկայ էին կեդրոնի պատասխանատու մարմինի անդամները, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ ազգայիններ:
Վարչութեան անդամ Շողիկ Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց դասախօսին հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք վարչութեան խօսքը արտասանեց Վարանդ Մելքոնեան։ Ան անդրադարձ կատարեց վարչութեան հետեւողական աշխատանքին, դիտել տալով, որ վարչութիւնը ճիգ չի խնայեր լուսարձակի տակ բերելու հայ ժողովուրդը յուզող պատմական իրադարձութիւնները: Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Սերուժ Ղազարեան, որ հայրենաշունչ ոգիով մեներգեց «Ախբերս ու Ես»ը տպաւորելով ներկաները եւ Սերժ Պոյաճեան, որ ջութակով հմտօրէն նուագեց «Ազգ Փառապանծ»ը։