
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Փարիզի վարչութեան կազմակերպութեամբ Երկուշաբթի 23 Փետրուար 2015-ի ժամը 20։30-ին Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, նիւթ ունենալով ընդհանրապէս 18-րդ դարու հնդկահայ գաղութի պատմութիւնը եւ մասնաւորաբար «Որոգայթ Փառաց» գործը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Փարիզի վարչութեան ատենապետուհի Հերա Թոսունեան, որ ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ Սաթենիկ Պատուական-Թուֆանեան։
Իմաստասիրութեան ուսուցչուհի ,Սաթենիկ Պատուական-Թուֆանեան, 2014- ին պաշպանած է Պատմութեան Տոքթորայի թէզը՝ 18-րդ դարու Մատրասի հնդկահայ գաղութին նուիրուած : Թէզի նիւթը եղած է «Որոգայթ Փառաց» գործը, որ թարգմանուած է ֆրանսերէնի, հեղինակութեամբ Յակոբ եւ Շահամիր Շահամիրեաններու։
Գիրքը փիլիսոփայական է, կը բացատրէ թէ ինչո՞ւ մարդը կրնայ ազատ ապրիլ, ժողովրդավարական սկզբունքներով, յարգելով միւսներու ազատութեան իրաւունքը։ Հայ ժողովուրդն ալ ազատ ապրելու իրաւունք ունի ինչպէս միւսները, եւ այդ իրաւունքը Աստուծոյ կողմէ տրուած է։ Գիրքը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին ազատ ապրելու ծրագիրը եւ օրէնքները։ Կը սահմանէ Հայոց երկիրը, կը բացատրէ, թէ ինչպէս ան պիտի բաժնուի շրջաներու, 12.000 տուն պիտի կազմեն մէկ շրջան, իւրաքանչիւր շրջան պիտի ունենայ 2 ներկայացուցիչ, որոնցմէ պիտի կազմուի Հայոց ներկայացուցչական Տունը, այսինքն՝ խորհրդարանը։ Ընտրեալներն են, որոնք պիտի կառավարեն երկիրը։ Նոյնիսկ նկատի առնուած էր կառավարողներու վրայ հսկողութեան դրութիւնը։
Տիկին Թուֆանեան գիրքին ընդմէջէն ներկայացուց 18-րդ դարու հնդկահայ գաղութի մշակութային կեանքը, հռչակաւոր դէմքերը, հրատարակչական գործունէութիւնը, վաճառականական կապերը։ Խօսեցաւ Մատրասի Խմբակի գործունէութեան մասին։ Անոնք կը հաւատային, որ պիտի ազատագրեն Հայաստանը եւ պիտի ստեղծեն պետական դրութիւն։
Դասախօսը հաստատեց այս գաղութին կարեւոր դերը ազգային ազատագրական յառաջադէմ գաղափարներու տարածման: