
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, Հինգշաբթի, 13 Օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ «Դէպի նոր հարիւրամեակ» խորագիրով հաւաքական ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինին կողմէ` հովանաւորութեամբ մեթր Ժաք Չուխատարեանի: Հաւաքական այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 10 մուսալեռցի արուեստագէտներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրէյս Պապոյեան-Լոճիկեան: Ան ըսաւ, թէ այս ձեռնարկը հայութեան ապրելու, մաքառելու, գոյատեւելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքը դրսեւորող մշակութային հարազատ արտայայտութիւն մըն է: 100 տարի ետք մուսալեռցին կու գայ հատու պատասխան տալու թշնամիին, որ անոր հայաջինջ ծրագիրը ոչ միայն ձախողած է, այլեւ հայ մշակոյթը կը շարունակէ ծաղկիլ ու նուաճել նոր բարձունքներ: