ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Կիրակի, 6 Մարտ, 2016-ին, Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը կազմակերպեց Եղիշէ Չարենցի նուիրուած երեկոյ մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Charents: In Search of My Armenian Poet» վաւերագրական ժապաւէնը։
Ժապաւէնի ցուցադրութեան ներկայ էր ժապաւէնի հեղինակ եւ բեմադրիչ Շիրին Անտըրսըն։ Երեկոն սկսաւ բարի գալուստի խօսքով, որուն ընթացքին հակիրճ տեղեկութիւն տրուեցաւ Եղիշէ Չարենցի կեանքին ու գրական գործունէութեան մասին։
Նարեկ Շաբաթօրեայ Վարժարանի չորրորդ կարգէն մինչեւ եօթներորդ կարգի աշակերտներէն խումբ մը շատ գեղեցիկ ու սահուն կերպով ներկայացուց Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը։ Ապա սկսաւ ժապաւէնին ցուցադրութիւնը։