
Երաժշտութիւնը կ՚ազնուացնէ հոգին եւ կը հանդիսանայ միջազգային լեզու մը, որ կը հնչէ տարբեր ժողովուրդներու կողմէ, բոլորին համար։ Արդարեւ, նորահաս սերունդին մօտ հայկական երաժշտութեան սէրը արթնցնելու եւ անոր հոգիին մէջ զայն մշտակէզ պահելու համար, Համազգայինի «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի երաժշտական յանձնախումբը նախաձեռնեց երաժշտական- գեղարուեստական երեկոյի մը կազմակերպման, Դամասկոսի պետական երաժշտանոցի հայ ուսանողներուն կատարողութեամբ։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 2 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ահարոնեան» կեդրոնի սրահէն ներս, ներկայութեամբ վարչութեան եւ յանձնախումբի անդամներուն, ծնողներուն եւ երաժշտասէր հանրութեան։
Վարչութեան եւ յանձնախումբի անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարչութեան անդամ Ժանէթա Պրունսուզեան ու յայտնելով նախաձեռնութեան նպատակը ըսաւ. «Երաժշտութիւնը կ՛ազնուացնէ հոգին եւ տարբեր ժողովուրդներու միացման օղակ կը կազմէ: Դարերու տառապանքէն յաղթական դուրս եկած մեր մշակոյթին ամէնէն մեծ գործօններէն են հայ երգն ու երաժշտութիւնը։ Ուստի համազգայինը մեծ դերակատարութիւն ունի զանոնք պահելու եւ նորահաս սերունդին սեփականութիւնը դարձնելու: Այս նպատակով կազմակերպեցինք երաժշտական այս համեստ երեկոն, քաջալերելու մեր պատանիներն ու երիտասարդները, համախմբելու զանոնք համազգայինին շուրջ, որպէսզի անոր հովանիին տակ կենսաւորեն նաեւ հայ երգն ու երաժշտութիւնը, սիրեն ու ապրին հայկական երաժշտութեան շունչով ու ոգիով»։