
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի վարչութեան, Կիրակի, 30 Մարտ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ, նուիրուած Բարսեղ Կանաչեանի ծննդեան 140-ամեակին:
Համերգին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչը, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետն ու երաժշտանոցի ներկայացուցիչը, համազգայնականներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէր հանրութիւնը:
Համերգը սկսաւ մեծանուն երաժիշտ, խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտական ստեղծագործութիւնը եղող Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, որ դաշնամուրի վրայ նուագեց ուսուցչուհի Անի Պօղիկեան: Վարչութեան խօսքը ուղղեց ատենապետ Շողեր Մուշեղեան-Հայրապետեան։ Ան անդրադարձաւ համերգի յայտագիրին, ապա տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորեց մայրերը, ինչպէս նաեւ ուսուցիչները, որոնք երաժշտական կրթութեան ճամբով աշակերտներուն հոգեկան աշխարհը կը գեղեցկացնեն։