
13 Ապրիլ 2019-ին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, իր մասնակցութիւնը բերաւ Արուեստի «Վերածնունդ» միջազգային մրցում-փառատօնին, Երեւանի «Սայաթ Նովա» երաժշտական դպրոցին մէջ: Համոյթը գրաւեց առաջին դիրքը` լարային գործիքներու կիթառի համոյթային խումբերու բաժինին մէջ, ներկայացնելով երեք տարբեր գործեր:
Մրցումին դատական կազմը կը բաղկանար վաստակաշատ կիթառահարներէ` Տմիթրի Իյարիոնով, Մկրտիչ Միքայէլեան եւ Յակոբ Ջաղացպանեան: Խումբը նաեւ հրաւիրուեցաւ ԳՈՀԱՐ համոյթի երաժշտական դպրոցը, Գիւմրի, ուր ելոյթ ունեցաւ` ներկայութեամբ դպրոցի շնորհալի աշակերտներուն եւ հմուտ ուսուցիչներուն: Ապա, տեղի ունեցաւ վարպետութեան դասընթացք մը (մասթըրքլաս), որուն ընթացքին Մկրտիչ Միքայէլեան գործնական ցուցմունքներ եւ թելադրանքներ ուղղեց դպրոցի կիթառի աշակերտներուն: