Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Ուրբաթ, 18 Փետրուար 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, սկիզբ առաւ մասնաճիւղիս վարչութեան կազմակերպած եւ երիտասարդներուն կողմէ սպասուած Համազգայինի Համօ Օհանջանեան մասնաճիւղի հաճելի երեկոն, «Սահակեան» սրահէն ներս։
Երիտասարդական երեկոյի օրակարգը ընդգրկեց` զարգացման մրցում, խաղեր եւ երգեր, ինչպէս նաեւ Քեսապի բարբառը եւ աւանդական առածները անմասն չմնացին յայտագիրէն։
Աւարտին երիտասարդները ճոխացան, նուագով ու երգով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին, ապա գոհունակ սրտով եւ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան սրահէն։