
«Ազատ Օր».- Կազմակերպութեամբ «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ՝ 25 Յունուար 2020-ի երեկոյեան մինչեւ ուշ գիշեր, «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում ներկայութեամբ աւելի քան 30 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու։ Սոյն ձեռնարկին նաեւ ներկայ էր նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւը։
Մասնակցող երիտասարդները բաժնուեցան 2 խումբերու։ Հոգեւոր, ազգային, մշակութային, մարզական, աշխարհագրական եւ պատմական հարցումներով հարուստ այս ձեռնարկը ի մի համախմբելով տասնեակ երիտասարդներ, առիթը ստեղծեց ո՛չ միայն մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերել, այլ նաեւ քով-քովի հաւաքուելով, զրուցել, ինչպէս նաեւ որոշ գաղափար ունենալ Հայաստանի, Արցախի եւ համաշխարհային այլ գիտելիքներուն մասին։
Տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ աւարտին 2 խումբերէն մէկը շահող նկատուեցաւ։