
2011-ը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ յայտարարուած էր երիտասարդութեան տարի: Այս ուղղութեամբ Սփիւռքի Նախարարութիւնը մշակած էր բազմաթիւ ծրագիրներ եւ ձեռնարկած զանազան միջոցառումներու, որոնցմէ էր նաեւ՝ «Երիտասարդ առաջնորդներու ամառնային դպրոց» ծրագիրը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՚ունենար հայրենիքի մէջ։
Սոյն դասընթացքի տեւողութիւնն էր 14 օր (Օգոստոս 1-14):
Դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 21-30 տարեկան սփիւռքահայ 28 երիտասարդներ, ժամանած՝ հայաբնակ զանազան գաղութներէ, ինչպէս՝ Սուրիա, Ռուսաստան, Պելառուս, Վրաստան, Էսդոնիա, Ուքրանիա, Սպանիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Հոլանտա եւ Գերմանիա:
Սուրիա մասնակցութիւն բերած էր հալէպահայ զանազան միութիւններու չորս ներկայացուցիչներով, որոնց մաս կը կազմէի նաեւ ես՝ իբրեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչ:
14 օրուան տեւողութեամբ երկարող սոյն դասընթացքը կ՚ընդգրկէր բազմաբնոյթ դասախօսութիւններ, հանդիպումներ եւ զրոյցներ, առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00։
Դասընթացքի գլխաւոր նպատակն էր պատրաստել ապագայի գիտակից եւ յանձնառու երիտասարդը, որ տագնապէր իր հայրենիքի յառաջդիմութեան ձգտող հարցերով եւ գործօն մասնակցութիւն բերէր անոր եւ իր գաղութի հայանպաստ աշխատանքներուն։
Ծրագրի գլխաւոր նպատակներէն էին նաեւ՝ երիտասարդութիւնը ծանօթացնել նախարարութեան համակարգին, անոր ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առանձնայատկութիւններուն, զօրացնել Հայաստան-Սփիւռք, Սփիւռք-Հայաստան եւ Սփիւռք-Սփիւռք փոխ յարաբերութիւնները, մշակելհետագայ համագործակցութեան միջոցները եւ ծանօթանալ հայկական տարբեր գաղութներու հիմնախնդիրներուն ու աշխատելաոճին:
Սոյն նպատակներու իրագործման համար մշակուած էր լուրջ ու ուսումնասիրուած ծրագիր մը, որուն ընդմէջէն մենք առիթը ունեցանք աւելի մօտէն ծանօթանալու պատկառելի անձնաւորութիւններու, առնչուելու անոնց մտածելակերպին, գործելաոճին եւ ընդլայնելու մեր մտահորիզոնը։
Օրինակ՝
- Հանդիպումներ պետական ու հասարակական գործիչներու հետ, ծանօթացում Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին ինչպէս՝ ՀՀ վարչապետ՝ Տիգրան Սարգիսեանի, ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի՝ Հրանուշ Յակոբեանի, ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար՝ Շաւարշ Քոչարեանի, ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ՝ Վիգէն Սարգիսեանի, ՀՀ Ազգային ժողովի, Երիտասարդական խորհրդարանի եւ այլոց:
-Դասախօսութիւններ- Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հայեցակարգերը, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հրամայականը, Տեղեկատուական պատերազմներ եւ հակահայկական քարոզչութիւներ, Հանրային կապեր, Հայապահպանման արդի մարտահրաւէրները համացանցի մէջ, եւայլն։
-Խմբային մտածողութեան զարգացման նպաստող աշխատանքներ, ծրագիրներու մշակում եւ կառավարում։
-Շրջայցեր տեսարժան եւ պատմամշակութային վայրերու, ինչպէս՝ Սմբատաբերդ, Նորավանք, Եռաբլուր, Ծիծեռնակաբերդ եւ Ս. Էջմիածին։
-Մշակութային եւ քաղաքական միջոցառումներու մասնակցութիւն եւ հանդիպումներ լրատուական զանազան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Դասընթացքի աւարտին, աշխատանքներն յառաջիկային աւելի արդիւնաւէտ ձեւով կազմակերպելու միտումով, մասնակիցներուն առիթը տրուեցաւ ներկայացնելու իրենց առաջարկները եւ անկաշկանդ կերպով յայտնելու իրենց կարծիքը իրագործուած ծրագրին շուրջ:
Պէտք է խոստովանիլ, որ ծրագիրը յագեցած էր օգտաշատ ու արդիւնաւէտ գործունէութեամբ, իսկ դասախօսութիւններն ու հանդիպումները հետաքրքրական էին իրենց բովանդակութեամբ եւ շինիչ առաջարկներով:
Օգտակարն ու հաճելին միաձուլած՝ ունեցանք անմոռանալի պահեր եւ խոստացանք մեր գործակցութիւնը ամրապնդել համացանցային կապերով ու յարաբերութիւններով։
Յուզումնալից բաժանումէ ետք, վերադարձանք մեր գաղութները նոր փորձառութեամբ հարստացած, նոր գիտելիքներ ամբարած եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ամրապնդուած:
Շնորհակալութիւն բոլոր կազմակերպիչներուն եւ նորանոր նուաճումներ հայրենիքի պատասխանատու բոլոր գործիչներուն։
Այս առթիւ երախտագիտական զգացումներս կը փոխանցեմ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, որուն բարեդէպ կարգադրութեամբ առիթը ունեցայ մասնակցութիւն բերելու յիշեալ միջոցառման:
Նանոր Մինասեան