
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Ազդակ»ին եւ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին, Կիրակի, 14 Նոյեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երկու աստղ» երգի անդրանիկ մրցումի աւարտական հանգրուանը՝ ներկայութեամբ հարիւրաւոր հայորդիներու։
Օրուան բեմավարներ Վանան Մանճիկեանի եւ Կարօ Անտոնեանի բարի գալուստի խօսքերէն ետք, երեք զոյգերը ներկայացուցին տարբեր թեմաներով երեք երգեր։ Զոյգերուն մէջ աւարտական հանգրուանին յստակ էր յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգած ըլլալու իրավիճակը, ինքնավստահութիւնն ու աւելի մեծ խանդավառութիւնը, որ արդիւնք էր մրցումին նկատմամբ ստեղծուած քաջալերական մթնոլորտին։
«Երկու աստղ» երգի մրցումի դատական կազմին մաս կը կազմէին Արմէն Քեչեկ, Նոնա Մանոյեան, Կարօ Աւեսեան, Ֆելիքս Յարութիւնեան եւ Վարդան Մկրտիչեան, որոնք ունէին վճռորոշ դերակատարութիւն։
Հանդիսութեան աւարտին, դատական կազմը որոշեց «Երկու աստղ» երգի մրցումին առաջին հանդիսացող զոյգը, որն է Կարօ Կապուտակեանն ու Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեան, որոնք ստացան Հայաստան երթուդարձի տոմս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք «Երգ երգոց» երգի մրցումի հրաւէր։ Երկրորդ հանդիսացաւ Հրաչ Կայծակեան եւ Լուսին Տեմիրճեան զոյգը, որոնք ստացան գեղանկարներ եւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ մէկ տարի անվճար ձայնամարզութեան ձրի դասընթացք։ Իսկ երրորդ հանդիսացող զոյգը՝ Գարմէն Աճեմեան եւ Կարօ Ակոբեան, ստացան գեղանկարներ։ Առաջին եւ երկրորդ հանդիսացող զոյգերը նաեւ ստացան «Շիրակ» երգարաններու հաւաքածոներէն։
Յայտագիրին հիւրաբար երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերին Շաքէ Պաղտասարեան եւ «Երկու աստղ»ի ծրագիրը իրագործող Վիգէն Ստեփանեան, ինչպէս նաեւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը՝ ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի։
Նշենք, որ «Երկու աստղ»ի մասնակից Իվոն Այվազեան եւս ստացաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ մէկ տարուան ձայնամարզութեան ձրի դասընթացք, իսկ նուագախումբի ղեկավար Սեդօ Պաղտասարեան՝ յուշանուէր մը: