
Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքի երկրորդ օրը սկսաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Սէրուժ Յոփսէփեան ներկայացուց հայկական ֆիլմարուեստի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ։ Ան ցուցադրեց զանազան բաժիններ «Նամուսը», «Կտոր մը երկինք» եւ «Նռան Գոյնը» ֆիլմերէն եւ խօսեցաւ անոնց իւրայատկութիւններուն մասին։
Վիեննայի քաղաքապետարանի ճաշարանին մէջ` Rathaus Keller, որ իւրայատուկ է իր շքեղութեամբ եւ հարուստ պատմութեամբ, ճաշակելէ ետք Աւստրիոյ խոհանոցի շնիցել ճաշը, խումբը ուղղուեցաւ Ֆրանց Վերֆելի յիշատակին զետեղուած յուշարձանին մօտ, ուր հանդիպում ունեցաւ պարոն Ռազմիկ Թամրազեանին (Հայ Աւստրիական Մշակութային Միութեան հիմնադիր ղեկավար) հետ, որ յուշակոթողի զետեղման մտայղացողն է եւ պետական մակարդակի արտօնութիւն ստանալու հարցը հետապնդողը: Ան ներկայացուց յուշարձանի զետեղման պատմութիւնը։
Ապա խումբը գնումներու եւ շրջապտոյտի առիթ ունեցաւ եւ Վիեննայի խաղավայրին մէջ կարուսելի ընդմէջէն երկինքէն կրցան դիտել ամբողջ Վիեննան։
Երեկոյեան ժամերուն յունական To Ellinkon ճաշարանին մէջ, հայկական տոհմիկ ջերմ մթնոլորին մէջ շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտը մինչեւ ուշ ժամեր։