
Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի գրախանութին եւ գործակցութեամբ «Վանայ ձայն»ի մանկապատանեկան յայտագիրին, Չորեքշաբթի, 19 Մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00, Համազգայինի գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկուան առիթով տօնախմբութիւն մը: Յիշատակելի այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հարիւրաւոր փոքրիկներ եւ ծնողներ: Գրախանութի տարածքը նեղ դարձաւ ներկայ բազմութեան համար եւ ձեռնարկը շարունակուեցաւ գրատան դիմաց՝ բացօթեայ: Յայտագիրին սիրայօժար իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ մանկական երգերու մեկնաբան Մակին եւ «Ուրախ տարեդարձ» խումբը:
Շուրջ երկու ժամ փոքրիկները երգով ու պարով ուրախացան եւ ապրեցան նաեւ հայ գիրքի մտերմութեան հետ:
«Վանայ ձայն»ի մանկապատանեկան յայտագիրի խօսնակ Արին Թազեան բարի գալուստ մաղթեց ներկայ փոքրիկներուն եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Համազգայինի գրատան ու «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ «Վանայ ձայն»ի մանկապատանեկան յայտագիրը: Հաւաքը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ «Վանայ ձայն»էն: Փոքրիկները իրենց պատրաստած արտասանութիւններով ու երգերով մասնակից դարձան տօնախմբութեան՝ արժանանալով ներկաներու քաջալերանքին:
«Այս նախաձեռնութեամբ մենք ունեցանք համեստ գաղափարը, Ս. Զատկուան առիթով հայ փոքրիկները համախմբելու Համազգայինի գրախանութին մէջ: Հայ փոքրիկին ու պատանիին գրախանութ յաճախելն ու հայ գիրքին հետ մտերմանալը կարեւոր հանգամանքներ են ու մաս կը կազմեն հայեցի դաստիարակութեան կենսական գործին:
«Մեր այս առաջին համեստ փորձը անպայման պիտի ունենայ իր շարունակութիւնը: Մեզի համար իսկապէս անակնկալ էր այսքան մեծ թիւով ծնողներու ընդառաջումը, որուն համար կը յայտնենք մեր երախտագիտական ջերմ զգացումները: Կը խոստանանք «Վանայ ձայն»ի հետ գործակցաբար յառաջիկային գրախանութին մէջ կազմակերպել նոր յայտագիրներ, նոր անակնկալներով, եւ անոնց տալ հետեւողական բնոյթ: Համազգայինի գրախանութը հայ փոքրիկին ու պատանիին համար պէտք է դառնայ կարեւոր ժամադրավայր. ա°յս է մեր համոզումն ու առաջադրանքը», յայտնեցին Համազգայինի գրատան պատասխանատուները:
Ձեռնարկի աւարտին Համազգայինի գրախանութին կողմէ փոքրիկներուն նուէր տրամադրուեցան մանկական գիրքեր եւ զատկուան հաւկիթ: Ծնողները նաեւ իրենց զաւակներուն համար գնեցին գիրքեր եւ մանկական դաստիարակչական խաղեր: